Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Կը Նախատեսուին Յուշարձաններու Միջազգային Օրուան Նուիրուած Համալիր Ծրագիրներ

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան` Ապրիլ 18-ին ընդառաջ, պիտի կազմակերպուի ձեռնարկներու համալիր ծրագիր` այցելութիւններ Արցախի տեսարժան վայրեր, թեմայական դասախօսութիւններ, զարգացման խաղեր:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան յայտնած է, որ արդէն մշակուած է օրուան նուիրուած ծրագիրը, որ պիտի ներառէ թէ՛ մասնագիտական փակ եւ թէ՛ հանրային ձեռնարկներ:

«Ծրագիրի ծիրէն ներս դպրոցներու մէջ պիտի կազմակերպուի համապատասխան նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ: Պիտի ունենանք նաեւ շաբաթօրեակներ, այցելութիւններ վտանգուած յուշարձաններու տարածքներ, որոնց նպատակն է այդ յուշարձաններուն հանդէպ հետաքրքուածութեան եւ ճանաչելիութեան բարձրացումը: Այս տարուան խորհուրդը կը կոչուի «Ժառանգութիւն սերունդներու համար»: Այն յուշարձանները, զորս այսօր ունինք, ոչ թէ մեզի հասած նուէր են, որ պէտք է օգտագործենք, այլ մշակութային ժառանգութիւն, որ պէտք է փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն»,- նշած է Ա. Գրիգորեան եւ կարեւոր համարած, որ յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան նուիրուած պիտի կազմակերպուի նաեւ միջգերատեսչական հնագիտական յանձնաժողովի նիստ, որուն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ` քննարկելու 2017 թուականի ընթացքին Արցախի մէջ իրականացուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքները:

Ա. Գրիգորեանի խօսքով, Հադրութի շրջանի Տեաք գիւղին մէջ, որուն որոշ հատուածներ ճանչցուած են պատմամշակութային արգելոց, պիտի կազմակերպուի զարգացման խաղ: Պատմամշակութային յուշարձաններու այդ օրուան այցելութիւններու ցանկին մէջ աւանդաբար պիտի ընդգրկուի նաեւ Տիգրանակերտը: Ապրիլ 18-ն պիտի հռչակուի «բաց դռներու օր» Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններ այցելել ցանկացողներու համար:

«Պիտի փորձենք ծրագիրը ժողովրդականացնել` նպատակ ունենալով ներառել Արցախի բոլոր համայնքներու յուշարձանները: Մօտակայ օրերուն պիտի հրապարակուի ձեռնարկներուն յստակ ժամանակացոյցը»,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին