Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայաստան Փորձած է Ամէն Ինչ Ընել Սուրիահայերուն Օգնելու Համար.Լեւոն Անտոնեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան  Sputnik Արմէնիա մամուլի կեդրոնին մէջ խօսած է Հայաստան եկած սուրիահայերուն օգնելու մասին:

Հայաստանի կառավարութիւնը փորձած է ամէն ինչ ընել սուրիահայ փախստականներուն անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելու համար: Իշխանութեան այս հարցով օգնած են ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ մեր երկրի սահմաններէն դուրս գործող տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ:

Անտոնեան նշած է, որ 2017 թուականի վերջը մօտ 20 սուրիահայ ՀՀ քաղաքացիութիւն  ստացած է: Եւս 600 ընտանիք, սփիւռքի նախարարութեան տուեալով, կը մտածէ Հայաստան տեղափոխուելու մասին:

2017 թուականի տուեալները կը վկայեն, որ սփիւռքի նախարարութիւն դիմած սուրիահայերու մեծ մասը առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ ունեցած է:

«Ընդհանուր առմամբ 2017 թուականին 1262 սուրիահայ դիմած է նախարարութիւն: Դիմողներէն 722-ը առողջութեան հետ կապուած հարցեր ունէին: Ատոնք մեծ մասամբ լուծուած են պետպատուերի ծիրէն ներս, իսկ որոշ պարագաներու, երբ մեծ ծախսեր կը պահանջուէին (սրտի վիրահատութիւն, դեղերու գնում, փրոթեզներ) մենք դիմած ենք մեր գործընկերներուն, բարեգործական կազմակերպութիւններուն», —armeniasputnik.am-ի փոխանցմամբ ըսած է Լեւոն Անտոնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին