Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հադրութի Մէջ Կազմակերպուած է Նկարչութեան Մրցոյթ` Նուիրուած Արցախեան Շարժման 30-րդ Տարեդարձին

Հադրութի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի նախաձեռնութեամբ Հադրութ քաղաքին մէջ կազմակերպուած է «Ճանչցիր զիս` իմ ունակութիւններով» խորագիրով մանկապատանեկան նկարչութեան մրցոյթ` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  Հադրութի շրջվարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժնի վարիչ Երազիկ Հայրիեան ըսած է, որ մրցոյթին մասնակցած է Հադրութ քաղաքի եւ շրջանի համայնքներու 6-13 եւ 14-18 տարիքային խումբերու աւելի քան 100 երեխայ:

Անոր խօսքով` ներկայացուած աշխատանքները պէտք է արտայայտէին Արցախեան շարժման 30-ամեակի իմաստն  ու  էութիւնը, հոգեբանական տրամադրուածութիւնը, զգացմունքային լիցքը:

Մրցոյթին  ներկայացուած աշխատանքները ուղեկցուած են կարճ բացատրութիւններով. ի՞նչ պատկերուած է, ո՞րն  է աշխատանքին մէջ  տեղ  գտած մշակոյթի տարրը  եւ ինչպիսի՞ն է հեղինակի վերաբերմունքը աշխատանքի նկատմամբ:

Ըստ   անոր`  մրցոյթի նպատակն էր`  նպաստել երեխաներու հայ ազգագրութեան, երկրագիտութեան իմացութեան, անոնց կողմէ ազգային աշխարհայեացքի, առանձնայատկութիւններու, գեղագիտական արժէքներու իւրացման, պատմական իրադարձութիւններու եւ յաղթանակի տօնի փաստերու արժեւորման:

Մրցոյթի լաւագոյն աշխատանքներուն հեղինակները պարգեւատրուած են պատուոգիրներով ու նուէրներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին