Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Նալպանտեան Շուէտի Առաջնակարգ Վերլուծական կեդրոններուն ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները

Պաշտօնական այցելութեամբ Սթոքհոլմ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը հանդիպում ունեցած է Շուէտի առաջնակարգ վերլուծական կեդրոններու` Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Միջազգային յարաբերութիւններու շուէտական հիմնարկի, Ուբսալայի համալսարանի խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի, «Եարլ Հեալմարսըն» հիմնադրամի ղեկավարութեան եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին Էդուարդ Նալպանտեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած հայ-շուէտական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:

Արտաքին գործոց նախարարը արժեւորած է Շուէտի հետ համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով` կարեւոր համարելով փոխգործակցութիւնը Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու եւ մասնաւորապէս Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս: Այս ծիրէն ներս նախարար Նալպանտեան անդրադարձած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրին, անոր ծիրէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն:

ԱԳ նախարարը ներկաներուն ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին կովկասեան եւ յարակից տարածաշրջաններու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, միջազգային ասպարէզի մէջ գործընթացներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին