Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ապագայ Կառավարութիւնը Պիտի Ունենայ Վարչապետ, 3 Փոխվարչապետ եւ 17 Նախարար

Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծներու ծրարը:

Հիմնական զեկուցողը Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ համաձայն նախագիծին՝ կառավարութեան կազմը պիտի բաղկանայ վարչապետէ, առաջին փոխվարչապետէ, երկու փոխվարչապետներէ եւ 17 նախարարներէ:

«Վարչապետը կրնայ զրկուիլ իր լիազօրութիւնները կատարելէ, եթէ կորսնցնէ քաղաքացիութիւնը, կամ ձեռք բերէ այլ երկրի քաղաքացիութիւն կամ ալ օրէնքով սահմանուած անհամատեղելիութեան պահանջները խախտած է: Վարչապետը նաեւ կրնայ զրկուիլ իր լիազօրութիւններից, եթէ ընտրուելէ ետք 5-օրեայ ժամկէտով կառավարութեան կազմաւորման համար անհրաժեշտ թիւով թեկնածուներ չներկայացնէ»,- զեկուցեց Յարութիւնեան:

Պարզուած է նաեւ կառավարութեան, նախարարութիւններուն եւ վարչապետին ենթակայ մարմիններու շրջանակը: Վարչապետին ենթակայ մարմիններն են՝ ոստիկանութիւնը, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, պետական պահպանութեան ծառայութիւնը եւ պետական վերահսկողութեան ծառայութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին