Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Տիգրան Համասեան Կը Յաւակնի «ECHO Jazz Awards» Հեղինակաւոր Մրցանակին

Յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեան կը յաւակնի «ECHO Jazz Awards 2018» հեղինակաւոր մրցանակին, զոր սահմանած է Գերմանիոյ ձայնագրման ակադեմիան:

Համասեան առաջադրուած է «Piano International» անուանակարգին մէջ «An Ancient Observer» ալպոմին համար, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով «Nonesuch Records»-ը: Ալպոմին մէջ կայ 10 նոր ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ 2-ը հիմնուած են հայկական մեղեդիներու վրայ: Դաշնակահարին այդ ալպոմը երաժիշտին մտորումներն են շրջապատող աշխարհի, ընթացիկ իրադարձութիւններու եւ խորքային պատմական կապերու մասին:

Յաղթողը յայտնի պիտի ըլլայ Մարտ 12-ին, իսկ հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 31-ին Համպուրկի մէջ:

2016-ին Համասեան արժանացած է »ECHO Jazz Awards 2016»-ի մրցանակին «Տարուան միջազգային նուագածու» (դաշնամուր) անուանակարգին մէջ «Mockroot» ալպոմին համար:

Գերմանական «Deutsche Phono» ձայնագրութեան ակադեմիայի սահմանած «ECHO Jazz Awards»-ը տեղի կ’ունենայ 1992-էն ի վեր, ամէն տարի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին