Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ստեփանակերտի Կոմիտասի Անուան Երաժշտական Դպրոցը Հանդէս Եկած Է Համերգով` Նուիրուած Արցախեան Ազգային-Ազատագրական Շարժումի 30-Ամեակին

Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին նախաձեռնութեամբ, երէկ մայրաքաղաքի Ալեքսանդր Կրիպոյետովի անուան N 3 միջնակարգ դպրոցին մէջ կազմակերպուած է «Ճանաչի՛ր երաժշտութիւն» խորագիրով ձեռնարկ` նուիրուած Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումի 30-ամեակին:

Ձեռնարկին ընթացքին դպրոցի սաները հանդէս եկած են երգերով եւ նուագած երաժշտական գործիքներով:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Արթուր Պետրոսեանը ըսած է, որ իրենք Ստեփանակերտի տարբեր դպրոցներու մէջ հանդէս կու գան նման համերգներով:

Տնօրէնի խօսքով` ծրագիրը չի կրկնուիր. տարբեր դպրոցներու մէջ հանդէս կու գան նոր ծրագիրներով:

«Մեծ մասամբ համերգին կը մասնակցին այն փոքրիկները, որ կը յաճախեն տուեալ կրթօճախը եւ իրենց դպրոցի սաներն են: Կը նախատեսենք համերգային ծրագիրով այցելել նաեւ զօրամասեր»,- նշած է դպրոցի տնօրէնը:

Ըստ Ա. Պետրոսեանի` ծրագիրը նաեւ ունի քարոզչական նշանակութիւն, այսինքն՝ փոքրիկներուն մօտ սէր յառաջացնել դէպի երաժշտութիւնը, որպէսզի անոնք յետագային սորվին իրենց դպրոցին մէջ:

«Դպրոցին մէջ կը գործէ 9 երաժշտական բաժին. Այդ բաժինները կը յաճախեն 560 աշակերտ: Ունինք շէնքային լաւ պայմաններ եւ երաժշտական համապատասխան գործիքներ: Դպրոցին մէջ կը դասաւանդեն լաւ դասատուներ: Մեր աշակերտները կը մասնակցին տարբեր համերգներու, մրցոյթներու եւ կ’արժանանան  մրցանակներու»,- ըսած է Ա. Պետրոսեանը եւ աւելցուցած, որ յառաջիկային իրենք ցանկութիւն ունին դպրոցին մէջ զարգացնելու ազգային ժողովրդական գործիքներու բաժինը:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են դպրոցի ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ հիւրեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին