Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրաւէրով վերջերս Պէյրութ գտնուող Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գոչունեանի հետ հաճելի հանդիպում մը ունեցանք «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր մեր յարգելի պաշտօնակիցին հետ քննարկելու Լիբանանահայ եւ Պոլսահայ համայնքները յուզող հարցեր:
Հանդիպման նիւթերուն մէջ գլխաւոր տեղ գրաւեց անշուշտ Պոլսոյ Պատրիարքական թնճուկը, որուն մասին օգտաշատ էր այդ հարցին լաւատեղեակ անձի մը հետ զրուցելը:
Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Էջմիածնի դիրքորոշումին այս հարցին առնչութեամբ, մեր պաշտօնակիցը շեշտեց, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Պոլսոյ Աթոռի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն նկատմամբ վերաբերած է ծայր աստիճան հեռատեսութեամբ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Պոլսոյ Աթոռի հանգամանքէն եւ առանձնայատկութիւններէն բխած նրբութիւնը մանրամասն հաշուի առնելով իր դիրքորոշում որդեգրած է: Այս դիրքորոշումը չէ որդեգրած միայն իր դիմագիծը փրկելու, այլ նաեւ խորաթափանց գիտակցութեան մէջ ըլլալով Պոլսոյ իր հաւատարիմ հովին իր զգայնութիւններուն եւ շահերուն:
Արա Գոչունեան աւելցուց ըսելով, որ «Մենք պէտք երախտագիտութեամբ ընդգծենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հեռատես դիրքորոշումը:
«Վեհափառ հայրապետը Պոլսոյ մեր տագնապի ատեն աթոռի բոլոր եպիսկոպոսներուն նկատմամբ մնաց համահաւասար հեռաւորութեան վրայ, բոլորին հետ եղաւ սերտ յարաբերութեան մէջ: Ան իր դատողութեամբ շատ լաւ պատկերացուցած է իրավիճակը: Եթէ դուք ուշադրութիւն ընէք, Գերագոյն Կրօնական խորհուրդի՝ վերջերս հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աթոռի երեք եպիսկոպոսներուն նկատմամբ մեղմ քննադատական մօտեցում մը կայ: Այդ քննադատութիւնը չէ եղած հարուածելու համար, այլ եղած է այն բանով, որ Մայր Աթոռը միշտ կը պատկերացնէ տեղւոյն վրայ հարցերը համերաշխութեամբ լուծուին» եզրափակեց մեր սիրելի հիւրը:
Այս մտերմիկ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ մեր երկու թերթերուն միջեւ ապագայի համագործակցութեան ծրագիրներ:
Այս այցելութեան առիթով Արա Գոչունեան յատուկ հարցազրոյց մըն ալ շնորհեց «Զարթօնք»ին, որ պիտի հրատարակենք յաջորդիւ:
«Խմբ.»