Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պէյրութի Մէջ 2017-ի 4-րդ Եռամսեակին Տրամադրուած է 282 ՀՀ Անձնագիր

ՀՀ կառավարութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան 2018 թուականի առաջին եռամսեակին կը յատկացնէ 16 միլիոն 790 հազար դրամ` Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ 2017-ի 4-րդ եռամսեակին ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրներու տրամադրման դիմաց չգանձուած պետական տուրքը փոխհատուցելու նպատակով:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մարտ 6-ի նիստի օրակարգին վրայ:

Ըստ հիմնաւորման՝ 2017-ի 4-րդ եռամսեակի ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 282 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ի դէպ, այդ անձնագիրները տրամադրուած են Դամասկոսի (88 գործ), Հալէպի (192 գործ), Պէյրութի (2 գործ) մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ստացած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:

Այսպիսով, ՀՀ կառավարութիւնը ամէն կերպով կը փորձէ աջակցիլ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց բնակած երկիրներուն մէջ ստեղծուած են այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին