Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէսը` «Haneen»

*ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Երկու ժողովուրդներու հպատակներ՝ լիբանանեան եւ սուրիական, կը խօսին մէկ ձայնով, կը փոխանակեն պատերազմի մասին անցեալին եւ ներկային պատահած դէպքեր «Պէյթ Պէյրութ»-ի նորաբաց թանգարանին մէջ (Սոտիքո), որ խորհրդանշանական լաւագոյն վայրն է լիբանանեան պատերազմի շրջանին։

 

«Haneen» խորագիրը կրող այս հաւաքական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ին, որ ներկայացուց լիբանանցի եւ սուրիացի 47 արուեստագէտներու գործեր: Այս գեղանկարներուն տսկ կը տեսնենք 39 փախստական սուրիացի երեխաներու խօսքեր եւ միտքեր, որոնք կը ներկայացեն իրենց ամէնօրեայ պայքարը արձակ կամ բանաստեղծական պատումներու միջոցաւ։

Սուրիան այժմ մտաւ իր պատերազմի 8-րդ տարին։ Տարիներու ընթացքին տեսանք նկարներ, լսեցինք վերլուծումներ, մեկնաբանութիւններ եւ լրատուական անհամար զեկուցումներ։ Այս պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը մեզ փաստեցին, թէ շատ յաճախ մանուկներն են, որ սուղ գին կը վճարեն։

UNICEF-Լիբանան եւ «BEYOND» կազմակերպութիւնը միասնաբար աշխատեցան այս ցուցահանդէսը ներկայացնելու արուեստի ընդմէջէն։ Անոնք անգլերէնի թարգմանեցին սուրիացի գաղթական երեխաներու բանաստեղծութիւնները, զորս կ’արտայայտէին վախի, կորուստի, պայքարի, ցնցումի եւ յոյսի զգացումներ։ «Haneen» բառը իր մէջ կը պարունակէ այն ամէն ինչ որ երեխաները կ’ուզեն ըսել մեզի։ «Haneen» կը նշանակէ փափաքիլ, ցանկալ կամ կարօտ զգալ բանի մը համար որ կորսնցուցած ես, ինչպէս` ընտանիք, բարեկամ, տուն, թաղ, գիւղ եւայլն…

Արուեստի 39 գործեր կ’արձագանգեն սուրիացի երեխաներուն ձայնին, որոնք կ’ապրին պատերազմի, ողբերգութեան եւ տեղահանութեան շուքին տակ։ Իսկ արուեստագէտները, որոնք իրենց գործերով երիտասարդ սերունդին կը պատկանին, կ’արտայայտեն պատերազմի ազդեցութիւնը յիշողութեան եւ մտքի վրայ` միանալով երեխաներուն։

Կաւէ եւ խէժէ պատրաստուած հինգ քանդակներ գործն են քանդակագործ Կիւլէն Տէր Պօղոսեանին. տարբեր տարիքի հինգ երեխաներ, աղջիկ եւ տղայ, որոնցմէ երկուքը կանգնած են մուտքին, կարծես բարի գալուստ կ’ուզեն մաղթել այցելուներուն, մնացեալ երեքը զետեղուած են ներսը տարբեր տեղեր։ Անոնցմէ մին պատուհանէն դուրս կը նայի, կարծես կորսուած բան մը կ’ուզէ վերագտնել։ Մեր հարցումին պատասխանելով` Կիւլէն Տէր Պօղոսեան կ’ըսէ. «Այս հինգ մանուկներու քանդակները տարբեր չափի եւ տարիքի են։ Անոնք ճերմակ ներկուած են, որովհետեւ այդ գոյնը կը ներկայացնէ տառապած մանուկներու անմեղութիւնն ու առաքինութիւնը։

Ի վերջոյ, տասը երաժշտական գործեր, ներշնչուած երեխաներու բանաստեղծութիւններէն, կը ներկայացնեն մեղեդիներ, զորս կը սփռուին ցուցահանդէսին ընթացքին։ Այս երաժշտութիւնները կ’արթնցնեն պատերազմի հանդէպ ատելութեան զգացումը, կ’արտայայտեն երիտասարդ սերունդին յուսահատութիւնը, որոնք կ’երազեն խոստմնալից եւ խաղաղ ապագայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին