spot_img

Վարուժան Ոսկանեանի Հատորին Ներկայացումը Կլենտէյլի Եւ Լոս Անճելըսի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ Ռումանահայերու «Ռաֆֆի» մշակութային միութեան Երկուշաբթի, Մարտ 5-ին, երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ ռումանահայ գրող, քաղաքական գործիչ, Ռումանիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար եւ ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի՝ վերջերս անգլերէնի թարգմանուած «The Book of Whispers» («Շշուկներու Մատեանը») հատորին ներկայացումը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը։

Վէպը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թարգմանուած է մօտաւորապէս երկու տասնեակ լեզուներու:

Ձեռնարկը Երեքշաբթի, Մարտ 6-ին պիտի կրկնուի Լոս Անճելըսի «Սայմըն Ուիզընթալ» կեդրոնին մէջ (9786 W. Pico Blvd., Los Angeles, CA 90035), դարձեալ երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 606-7080 թիւին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին