Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Հայ-թրքական Արձանագրութիւնները Չեղեալ Յայտարարուեցան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ կայացած Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղարկելու մասին: Այս մասին, ըստ «Երկիր Մետիա»-ի, ըսած է նախագահի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեանը:

2008-ին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 2009 Հոկտեմբեր 10-ին Զիւրիխի մէջ ՀՀ եւ ԹՀ ԱԳ նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւնները:

Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք Թուրքիան, կտրուկ փոխելով իր դիրքորոշումը եւ հրաժարելով «խելամիտ ժամկէտներու մէջ» եւ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ձեռք բերուած համաձայնութենէն, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին Արձանագրութիւններու վաւերացումը կապուեցաւ ԼՂ-ի հիմնահարցի կարգաւորումով:

2010 Ապրիլ 22-ին, հաշուի առնելով թրքական կողմին դիրքորոշումով ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ՀՀ իշխող համախառն կառավարութեան ուժերու քաղաքական խորհուրդին համատեղ դիմումը, Արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կասեցուեցաւ` համաձայն ՀՀ նախագահի հրամանագիրին: 2015 Փետրուար 16-ին ՀՀ նախագահի հրամանագիրով հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ կանչուած են Ազգային Ժողովէն:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 2017 Սեպտեմբեր 20-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց. «Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ կը մտածէ, որ ինքը կրնայ առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուած են ներկայ պայմաններու մէջ առկայ խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Անոնց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան առիթով՝ Հայաստան այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ: Մենք, 2018-ի գարուն պիտի մտնենք առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուաւ, սին արձանագրութիւններուն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին