Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Վահան Սեթեանի «Armenian Origins of Basque» Աշխատասիրութեան Առթիւ. Նոթեր Պասքերու Հայկական Ծագումին Մասին

Ուրբաթ, 16 Փետրուարին Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական գինեձօն մը նուիրուած Վահան Սեթեանի վերջերս հրատարակած «Armenian Origins of Basque« աշխատասիրութեան: Տարբեր տարիքի եւ մակարդակի հոծ թիւով հասարակութեան մը առջեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ապրիլ» գրատան սեփականատէր Առնօ Երէցեան: Ան որպէս հետազոտող ներկայացուց Վահան Սեթեանը, որ նմանապէս երկու գիրքերու հեղինակ է:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Armenian Origins of Basque» գիրքի հեղինակ երիտասարդ մտաւորական Վահան Սեթեան: Ան նախ համառօտ անդրադարձաւ իր կատարած պատմաբանասիրական հետազօտութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ակունքներուն մասին՝ առանց մոռնալու անոնց լեզուածագումնաբանական մարզերուն մէջ անցած ուղիները:

Վահան Սեթեան երախտագիտական ջերմ խօսքերով դրուատեց պասքերու հայկական ծագումին մասին շահեկան ուսումնասիրութիւններ կատարած Վահան Սարգիսեան  (1954-2011): Արդարեւ ան վաղահաս տարիքին մեծ ներդրում ունեցած է որպէս պասքերու մասնագէտՙ իր խորաթափանց եւ կոթողային աշխատասիրութեամբ:

2017-ին հրատարակած այս գիրքին պատրաստութեան մէջ մեծապէս օգտուած է Վ. Սարգիսեանի ակադեմական մակարդակով կատարած ուսումնասիրութենէն:  Այս կապակցութեամբ շահեկան արտատպումներ կը տեսնենք Վ. Սեթեանի գիրքին մէջ, որոնք առնչութիւն ունին պասքերու հիւսիսային Սպանիոյ մէջ վերահաստատման եւ անոնց իւրայատուկ լեզուի գործածութեան մասին:

Վահան Սեթեան իր հետազօտութեանց իբր արդիւնք կը կանխատեսէ, որ Ք.Ա. 3000-4000 տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքէն, Արեւմտեան Ասիայէն եւ Հայկական Բարձրավանդակէն արշաւած ժողովուրդները իրենց հետ տարած են նաեւ եօթը տարբեր լեզուներու արմատ բառերը: Կարգ մը լեզուաբաններու վարկածին համաձայն` հնդեւրոպական լեզուախումբը ոչ մէկ առնչութիւն չէ ունեցած վերոյիշեալ խմբակցութիւններուն հետ: Դարերու ընթացքին բազմատեսակ տեղաշարժեր եւ արտագաղթեր տեղի ունեցած են, որոնք անցեալի քաղաքակրթութեան մէջ իրենց ուրոյն հետքերը ձգած են: Այս բոլորը երեւոյթները արձանագրուած են Սպանիոյ եւ Պասքի պատմական գիտութիւններով զբաղուող շրջանակներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու դասագիրքերուն մէջ:

Պասքերը իրենց երկիրը կոչած են Euskal Herria, իսկ իրենց լեզուն Euskara, որպէս ազգութիւն կոչուած են Euskardumak: Անոնք ջանացած են անկախ ըլլալ եւ ունեցած են իրենց կառոյցներն ու կուսակցութիւնները: Միաժամանակ ինքզինքնին համարած են եւրոպացիներ:

Նշենք նաեւ պասք-հայերէն ծաւալուն բառարան մը գոյութիւն ունի աւելի քան 10,000 բառերով եւ նախադասութիւններով: Կարելի է նաեւ զայն որոնել ու գտնել համացանցի վրայ ալ, միջազգային լեզուներու շարքին մէջ: Կ’արժէ այստեղ յիշատակել, որ պասքերու հայկական ծագում ունեցող վարկածին մասին ոչ հայեր եւս իրենց հետազօտութիւնները կատարած են այս յոյժ հետաքրքրական գործին համար: Անոնց շարքին կը պատկանին Ժոզէֆ Քարսթ, Գասպար Էսգօլանօ, Էտուարտ Սբէնսըր Տաճսըն եւ ուրիշներ:

Կը յուսանք, որ պասք-հայկական լեզուական ծագումնաբանութեան հարցով յետագայ ուսումնասիրողներն ու հետազօտողները պիտի կարենան նոր լոյս սփռել ու օգտաշատ ներդրում ունենալ հայ եւ միջազգային լեզուագիտութեան պատմութեան մէջ: Այս առնչութեամբ գնահատելի ներդրում մըն է Վահան Սեթեանի յիշեալ աշխատասիրութիւնը:

Գ. Մ.
«Մասիս»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին