Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Յունիս 1-ին Պիտի Բացուի Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-Թանգարանը

Թէեւ երեւանեան անոր հասցէն Կողբացի 42-ն էր, սակայն ան այնքան յաճախ կը մեկնէր արտասահման շրջագայութիւններու, որ երբեմն կը կատակէին. «Եկած է Հայաստան` հիւրախաղերու»:

Խօսքը, ի հարկէ, հայ հոգեւոր երգի անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի մասին է: Եթէ ամէն բան ընթանայ ըստ նախատեսուածի, ապա շուտով իրականութիւն պիտի դառնայ անոր տունը թանգարանի վերածելու երկար տարիներու հանրային պահանջքը:

Ճիշդ է, տունը մասնաւոր սեփականութիւն է, սակայն ժառանգներու` Լուսինէի ամուսինին` Խորէն Պալեանի եղբօրորդիներու համաձայնութեամբ ու անմիջական մասնակցութեամբ բնակարանը յառաջիկային պիտի գործէ որպէս հիմնադրամ-թանգարան, որ իր դռները պիտի բանայ Յունիս 1-ին` երգչուհիին ծննդեան օրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին