ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2018-ին պիտի իրականացնէ «Իմ Հայաստան» համահայկական IV փառատօնը, որ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակներուն:
Փառատօնը պիտի ընթանայ հետեւեալ ուղղութիւններով՝
— «Պարարուեստի օրեր»՝ Յուլիս 10-20 (գեղ. ղեկ.՝ Հայաստանի ազգային պարարուեստի միութեան նախագահ Կարէն Գէորգեան),
— «Երգչախմբային արուեստի օրեր»՝ Յուլիս 25-30 (գեղ. ղեկ.՝ Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան նախագահ Դաւիթ Ղազարեան),
— Անհատ կատարողներու ելոյթներ՝ Յուլիս-Սեպտեմբեր ժամանակահատուածին,
— Ասմունքի համահայկական փառատօն Շուշիի մէջ՝ Յուլիս 30-Օգոստոս 3,
— «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն»՝ Սեպտեմբեր 21-25 (գեղ. ղեկ,՝ ՀՀ վաստակաւոր երաժիշտ Գէորգ Դաբաղեան),
— «Հայ երգի օր»՝ Սեպտեմբեր 26-ին:
Պարարուեստի օրերուն ծիրէն ներս առաջին անգամ Հայաստանի ազգային պարարուեստի միութեան հետ համագործակցութեամբ պիտի իրականացուի Պարարուեստի գործիչներու հաւաք (Յուլիս 12):
Փառատօնին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու պարախումբեր, երգչախումբեր, նուագախումբեր եւ անհատ կատարողներ: Փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած են համերգներ Երեւանի, մարզերու եւ Արցախի մէջ, շրջապտոյտներ Հայաստանի տեսարժան վայրեր, վարպետութեան դասընթացքներ պարուսոյցներու եւ խմբավարներու համար:
Յայտերը կ’ընդունուին մինչեւ Մայիս 1:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել համապատասխան յայտարարաձեւերը եւ ուղարկել ելեկտրոնային փոսթի հետեւեալ հասցէներով՝ europedep@gmail.com եւ office@imhayastan.am:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը փառատօնի ծիրէն ներս պատրաստ է հոգալու մասնակիցներու սնունդի ծախսերը (4 օր), տրամադրելու հիւրատուն (3 գիշեր), վարձակալելու համապատասխան դահլիճներ եւ ճարտարագիտական անհրաժեշտ միջոցներ, ապահովելու փոխադրամիջոցով, իրականացնելու ձեռնարկներու կազմակերպական աշխատանքները:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել «Իմ Հայաստան» փառատօնի կայքէջը, https://imhayastan.am, ուր տեղադրուած են նաեւ յայտադիմումները: