Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

Զինուորական Նոր Զարգացումներու եւ Հակասութիւններու Լոյսին Տակ. Սուրիոյ Պատերազմը Իր Աւարտի՞ն Հասած Է, Թէ Նոր Կը Սկսի

Տարիներ շարունակ Իսրայէլի ու Իրանի պայքարը եղած է  բառերով եւ անոնք իրար  վրայ յարձակած են փոխադարձ յայտարութիւններով կամ իրենց վստահած անձանց միջոցով: Իրանի մէջ Իսրայէլի ոչնչացման  կոչերը սովորական են, մինչ Իրանի աջակցութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի զինեալ կարգ մը խմբաւորումներուն աջակցութիւնը դիտաւորեալ մարտահրաւէրի առջեւ կը դնէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը: «1938 թուականն է, իսկ Իրանը Գերմանիան է»: Այս խօսքերը Իսրայէլի պատմութեան մէջ երկրորդ ամենաերկար շրջանով ծառայող վարչապետ  Բինիամին Նաթանիահուի խօսքերն են: Պաշտօնի վրայ Նաթանիահուի երկարակեցութիւնը նաեւ արդիւնքն է իսրայէլցիներուն համոզելու իր ունակութեան: Անոր վարկը կը կը կայանայ  այն տպաւորութեան վրայ, որ ինք լաւագոյնն է, որպէսզի Իսրայէլը առաջնորդէ Իրանի հետ այս գոյապահպանման պայքարին մէջ:

Զարմանալի չէ, որ անցեալ շաբաթուան իրադարձութիւնները կարծես թէ բեկումնային են: Փետրուար 10-ին իրանական լրտեսական թռչող սարք մը կրցած էր հատել է Իսրայէլի տարածքը ու վար առնուած: Իսրայէլ արձագանգած է իրանական «ներխուժումին»` մարտական ​​ինքնաթիռներ ուղարկելու միջոցով` Սուրիոյ մէջ թիրախներու յարձակումին, ներառեալ՝ Փալմիրայի մօտակայքը գտնուող Թիասի օդակայանին վրայ, ուսկից իրանական սարքը թռիչք կ՛առներ: Սուրիական հակաօդային համակարգերը գործի անցնելով կրակած են հակառակորդին «F-16» մակնիշի օդանաւը: Ասոր ալ հակադարձելով՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, Իսրայէլ հարուածած է Սուրիոյ հողերուն վրայ սուրիական բանակի ութ թիրախներ եւ իրանական չորս դիրքեր: Վերոյիշեալ զարգացումներով խօսքերու պատերազմը աւարտած կը դուի: Անցում կատարուած է դէպի իսկական պատերզամ ազգերու միչեւ:  

 Այս արագ զարգացումներուն մէջ իրադարձութիւններու յաջորդականութիւնը աւելի տարողունակ է: Իսրայէլ միակ երկիրը չէ, որ զինուորական օդանաւ մը կորսնցուց այս պայքարին մէջ: Անցեալ շաբաթ Ռուսիա զօրացուց օդային յարձակումները Իտլիպ նահանգին վրայ, Ալ-Քաիտայի խմբաւորումներուն դէմ ի պատասխան անոնց կողմէ վար առնուած ռուսական ռազմական ինքնաթիռին: Նոյն օրը իսրայէլական «F-16» ինքնաթիռը հարուածուեցաւ:  Սուրիական քիւրտ զինեալները թրքական ռազմական ուղղաթիռ մը վար առին, որ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ թուրքիոյ ներխուժումին մաս կը կազմէր: Իսրայէլը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան անցեալ շաբաթ Սուրիոյ մէջ ռազմական ինքնաթիռներ կորսնցուցիցին եւ բոլորը ներկայիս կ’աշխատին խաչաձեւ նպատակներով: Ամէնաշեշտուածը Իսրայէլ-Իրան հակամարտութիւնն է, որ ինպէս ըսինք խօսքէն անցաւ զէնքի: Ատիկա տարածաշրջանային ուժի համար աւելի մեծ պատերազմի մը մեկնարկին մէկ կարեւոր երեսակն է, որ հետզհետէ աւելի կը յստակ ձեւակերպում կը ստանայ: 

Մշուշոտ Համագործակցութիւններ

Անցած շաբաթուան վճռական զարգացումները չեն սահմանափակուած ռազմական օդանաւերու վնասուածքներով: Փետրուար 6-ին Ասատի կողմնակիցները յարձակած են թրքական զինուած ուժերուն վրայ` փորձելով Հալէպ քաղաքին մօտ կանգնեցնել անոնց առաջաւոր դիրքերը: Որոշ աղբիւրներ հաղորդած են, որ յարձակումին ներգրաւուած են նաեւ իրանցի զինուած ուժերը: Միայն երկու ամիս առաջ էր երբ Թուրքիան եւ Իրանը կը համակարգէին Սուրիոյ մէջ հրադադարի ռեժիմը: Այժմ անոնք իրար վիզ կը սեղմեն:  Այնուհետեւ Փետրուար 7-ին Ասատի կողմնակից ուժեր յարձակած են Սուրիոյ արեւելքը գտնուող ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերուն վրայ, ինչի արդիւնքով տեղի ունեցան ամերիկեան օդային հարուածներ: Ընդամէնը երկու ամիս առաջ Ասատի կողմնակից ուժերը եւ Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերը կը համակարգէին իսլամական պետութեան դէմ յարձակումները: Այժմ անոնք նոյնպէս իրար հարուածեն: Սուրիոյ մէջ պատերազմը դարձած է աւելին, քան պարզապէս քաղաքացիական պատերազմ: Այժմ հոն Իսրայէլը, Իրանը, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները տարածաշրջանային պատերազմի մէջ են: Պատկերը շփոթեցնող է, որովհետեւ իրավիճակը ինքնին շփոթեցնող է: Համագործակցային համաձայնութիւններ աւելի կարճատեւ են եւ կապուած օրուայ շահերու հետ քան երկարաժամկէտ կամ հիմնուած յստակ եւ ամուր ռազմավարական տուեալներու վրայ: Իրավիճակի շփոթութիւնը աւելի կը յստականյ եթէ, որպէս օրինակ վերցնենք այն պարագան, որ Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերը, որ հիմնականին մէջ կազմուած են քիւրտ մարտիկներէ, որոնք մէկտեղուած են կռուելու սուրիոյ իշխանութեան դէմ, կը համագործակցի Ասատի հետ, որպէսզի ան կարողանայ Աֆրինի մէջ դէմ դնել Թուրքիոյ զօրքերուն…: Այսինքն Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերը Ասատի հետ կը համագործակցի Սուրիոյ մէկ հատուածին մէջ ու Ասատէն յարձակումի կ’ենթարկուին Սուրիոյ մէկ այլ հատուածին մէջ…:  Պէտք է նաեւ հաշուի առնենք, որ Թուրքիան, պաշտօնապէս, Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ եռակողմ համաձայնագիրին մաս կը կազմէ Սուրիոյ պատերազմին վերջ դնելու համար, ներխուժեց Սուրիա` իր շահերը պաշտպանելու Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, մինչ հաւասարապէս թշնամաբար կը վերաբերի Ռուսաստանի եւ Իրանի հիմնական թշնամիին՝  ԱՄՆ-ն, քանի որ ԱՄՆ-ն աջակցութիւն կը ցուցաբերէ սուրիական քիւրտերուն: Անհաւատալի հակասութիւնններ ուր միակ յստակ բանը մշուշոտ բարեկամութիւններն են…:  Այս մշուշոտ իրավիճակը սակայն մէկ կարեւոր ճաշ կ՛եփէ, որն է Իրանի փորձը ամբողջականօրէն վերահսկելու Սուրիոյ վրայ: Թուրքիան խօսած է հիւսիսային Սուրիոյ ներխուժումին մասին աւելի քան մէկ տարի, եւ իր զօրքերը մտած են Աֆրին` մեծ ֆանֆարով մը: Սակայն երբ Թուրքիան միայն կը խօսէր, Իրանը իսկապէս կը կատարէր: 2011 թուականին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն սկսած, Իրանը Ասատի վարչակազմին աջակցելու համար կ’ուղարկէր զինուորներ, դրամ եւ զէնքեր: Արդիւնքը եղաւ այն, որ  Սուրիական իշխանութիւնները Իրանի բարեկամ հզօր եւ բռնատիրական կարգով երկրի մը տէրը ըլլալու իրավիճակէն դուրս գալով վերածուեցաւ Իրանեան յուսահատ արբանեակի մը պարզապէս ողջ մնալու համար: Իրանի համար ասիկա ռազմավարական մեծ հնարաւորութիւն է, որ կրնայ իր շարունակական աջակցութիւնը ցոյց Պաշար Ասատին, որ իր կարգին թոյլ պիտի տայ Իրանին ընել այն ինչ որ կը ցանկայ Սուրիոյ մէջ: Իսկ թէ Իրանը ի՛նչ կ’ուզէ Սուրիոյ մէջ, պարզ է: Ան կ՛ուզէ իր ազդեցութիւնը զօրացնել ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Ատիկա է պատճառը, որ Իսրայէլը անհանգիստ է:  Հակառակ  տարիներու վրայ երկարող հռետորաբանութեան, Իսրայէլն ու Իրանը բնաւ պատերազմ չէին մղած իրարու դէմ: Պատճառներէն մէկն ալ ուղակի սահմանակից չըլլալու փաստն էր: Պարագան փոխուած է հիմա: Իրան իր զինուորական դիրքերը հաստատելով Սուրիոյ մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սահմանակից կը դառնայ Իսրայէլին ուրկէ ան կրնայ իր յարձակումները կազմակերպել: Իրանի համար Իսրայէլի հետ  ուղղակի սահմանամերձ իրավիճակը  տարբեր բան է եւ զինուորակա ն աւելի հնարաւորութիւններ կու տայ  իրեն քան այդ կռիւը մղել իրեն արբանեակ Հըզպալլայի համեմատաբար սահմանափակ միջոցներով: Իրանը իր այս դիրքով կրնայ Սուրիան բեմական հիմք դարձնել Իսրայէլի դէմ: Իսրայէլ միշտ մտահոգ էր Իրանեան միջուկային ծրագիրով, սակայն Սուրիան, որպէս իրանական գործողութիւններու հիմք ունենալը Իրանի կողմէ, մահացու սպառնալիք է Իսրայէլին:

Իսրայէլի ունեցած առաւելութիւնները

 Իսրայէլը, սակայն, մի քանի «ապահովագրական» քարթեր ունի հորիզոնին վրայ: Ասատի ռեժիմը կախեալ չէ միայն Իրանէն, այլեւ նաեւ Ռուսիայէ: Մոսկուան բնաւ  հաշտ աչքով պիտի չդիտէ Իրանի կողմէ Սուրիոյ իւրացումին, որովհետեւ ինքն ալ իր կարգին իր անձնական շահերը ունի այնտեղ եւ աւելի լաւ է տկար իշխանութեան մը վրայ իր շահերը պարտադրել քան գործ ունենալ համեմատաբար ուժեղ Իրանի հետ:

Ռուսիան կը ցանկայ Սուրիան պահպանել՝ որպէս անկախ դերակատար եւ ռուս դաշնակից եւ ոչ թէ որպէս տարածաշրջանի իշխանութենէն՝ Իրանի մասէն հատուած մը: Թիասի օդակայանը, որ շաբաթուան ընթացքին Իսրայէլի հարուածի թիրախն էր, նոյնպէս հիմք կը հանդիսանար Սուրիոյ մէջ ռուսական ինքնաթիռներուն համար: Ռուսիան ու Իսրայէլը սերտ յարաբերութիւններ ունին. Նաթանիահուն անցեալ ամիս Ռուսիա կը գտնուէր՝ Իսրայէլի մտահոգութիւնները փոխանցելու Ռուս պատասխանատուներուն: Ռուսիան իր կարգին չի ձգտիր պայքարիլ Իսրայէլի հետ: Բացի այդ, ԱՄՆ-ն Իսրայէլի կողմն է այս հարցին գծով եւ պիտի չարտօնէ, որ Իրան աւելի եւս ընդլայնի Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար այս իրավիճակը մասամբ կ՛ապահովագրէ Իսրայէլը: Խնդիրը աւելի քան բարդ է մինչ Ռուսաստան-Իրան ժամանակաւոր «ամուսնութիւնը» պիտի խաթարուի եթէ Իրան շարունակէ աւելի ախորժակնհեր ունենալ Սուրիոյ մէջ:   

Թուրքիա, հակառակ իր ձեւական բարեկամութեան Իրանի հետ, այնքան ալ հաշտ աչքով չի դիտեր անոր ազդեցութեան զօրացումը Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար որքան աւելի շատ Իրանը ներգրաւուի Սուրիոյ մէջ, այնքան աւելի Թուրքիան պիտի մօտենայ Իսրայէլին հաւասարակշռելու համար իրավիճակը:

Կը մնայ այլ կարեւոր ազդակ մը: Շրջանային այլ երկիրներու յարաբերութիւնները Իրանի հետ այնքան ալ բարեկամական չեն: Աւելին՝ թշնամական են: Նկատի առնենք Սէուտական Արաբիոյ պարագան: Հետեւաբար Իրանի յառաջխաղածքը Սուրիոյ մէջ ծաղկազարդ դաշտի մը մէջ քալելուն չի նմանիր: Բացի այդ, Եգիպտոսն ու Յորդանանը Իսրայէլի հետ են ինչ կը վերաբերի անոր թշնամութեան իրանի հետ: 

Եզրափակում   

Եզրափակելու համար, ըսենք, որ տարածաշրջանային իրավիճակը աւելի քան շփոթեցնող է: Սուրիոյ արհաւիրքը իր աւարտի՞ն հասած է ինչպէս ոմանք կը կարծեն, թէ հիմնուելով վերի խաչաձեւումներուն վրայ Սուրիոյ մէջ պատերազմը տակաւին նոր պիտի սկսի…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին