Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

«Տաշիր» Հիմնադրամը 4 Զաւակ Ունեցող 230 Ընտանիքի Նիւթական Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ

Արցախի չորս զաւակ ունեցող 230 ընտանիք 4000-ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանան «Տաշիր կրուփ»-ի սեփականատէր, ռուսաբնակ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Անոյշ Մարտիրոսեանի խօսքով, 230 ընտանիքէն 8-ն 4-րդ զաւակը ունեցած է 2016-ին, իսկ մնացեալ 222-ը` 2017-ին:

«Արդէն երկրորդ տարին է, որ հիմնադրամը միացած է նաեւ Արցախի մէջ ծնելիութեան խթանման ծրագիրին, եւ այս տարիներուն ընթացքին չորս զաւակ ունեցող ընտանիքներու թիւը զգալիօրէն աւելցած է»,- նշած է Ա. Մարտիրոսեան:

Նշենք, որ նուիրատուութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 3-ին ժամը 14:00-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Ձեռնարկի ժամանակ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ պիտի խաղարկուի նաեւ երեք «շեւրոլեթ» մակնիշի ինքնաշարժ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին