Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

ԵԽԽՎ Նախագահը ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Յոյս Ունի

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Միկելէ Նիքոլեթին յոյսով է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի ունենայ շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորում:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին ԵԽԽՎ նախագահը ըսած է ազրպէյճանական Report-ի լրագրողի հետ զրոյցին ընթացքին:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով իմ դիրքորոշումը կը համընկի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիրքորոշման հետ»,- յայտնած է ան:

Նիկոլեթին ընդգծած է, որ ԵԽԽՎ-ն յարգանքով կը մօտենայ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալող միջազգային կազմակերպութեան` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի դերակատարութիւններուն: Ան նշած է, որ ԵԽԽՎ-ն պատրաստ է աջակցելու իւրաքանչիւր գործունէութեան, որ ուղղուած է ԼՂ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին