Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Պաքու Հետախուզական Փորձով Կ’ուզէ Դիւանագիտութեան Մէջ Եղած Ձախողումները Փոխարինել. ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ

Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի նախաձեռնած հետախուզական ներթափանցման վերջին փորձը նպատակ ունի այդ երկրին մէջ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներէն:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին թուիթըրի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

«Պաքու կը փորձէ փոխարինել դիւանագիտութեան մէջ եւ միջազգային հարթակի վրայ իր ձախողումները, շեղել ուշադրութիւնը Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտումներէն` սահմանագիծին վրայ սադրանքներ կազմակերպելով: Պիտի չյաջողի»,- գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակը:

Յիշեցնենք, որ արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւ-արեւելեան (Կուրոպատկինօ) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերէն մէկուն պաշտպանական հատուածին վրայ Յունուար 24 լոյս 25-ի ժամը 02:00-ի սահմաններուն ՊԲ առաջապահ ուժերու կողմէ հաւաստանշուած է հակառակորդի հետախուզական խումբի ներթափանցման փորձ: Ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայինները ետ շպրտուած են: Ըստ նախնական տուեալներու` հակառակորդին կողմէ կան կորուստներ: Մանրամասնութիւնները պիտի ճշդուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին