Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2018-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու երկրորդ ներկայացուցչական հաւաքը, որուն նպատակն էր միասնաբար քննարկել ուսուցիչներու աշխատավարձի գծով պետութեան կողմէ սահմանուած նոր յաւելումներու օրինագիծը եւ իրազեկ դառնալ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք վերոյիշեալ նպատակով ի գործ կը դրուին տեղական սեփական վարժարաններու եւ մասնաւորաբար կաթողիկէ վարժարաններու համախմբումին կողմէ:
Յայտնենք, որ նշեալ հաւաքին մասնակցեցան գաղութի համայնքային եւ միութենական վարժարաններու բոլոր ներկայացուցիչները։
Հաւաքին մասնակից վարժարաններու պատասխանատուները հերթաբար, ամփոփ ձեւով զեկուցեցին ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու գծով տուեալ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ ցարդ առնուած քայլերուն ու որդեգրուած քաղաքականութեան մասին:
Ներկաները հաւաքաբար հաստատեցին, որ պետութեան կողմէ սահմանուած յաւելումներու ամբողջական կիրարկումը ոչ միայն վեր է հայ վարժարանին ունեցած նիւթական կարողութենէն, այլեւ աննախընթաց տագնապ մը պիտի ստեղծէ բոլոր վարժարաններու կեանքէն ներս, զոր կարելի չէ դարմանել միայն ծնողներու գործակցութեամբ։ Ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն հասկացողութիւնն ու գործակցութեան ոգին։
Անոնք հաստատեցին, որ ներկայ տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ մեր վարժարաններու ծնողները կրթաթոշակի նոր յաւելումներուն պատճառով բնականաբար պիտի գտնուին նոր դժուարութիւններու դիմաց, եւ այս գծով կ’ակնակլուի, որ անոնք ցուցաբերեն համապատասխան հասկացողութիւն եւ զօրակցութիւն։ Ներկայացուցիչները նշեցին, որ առաւել կամ նուազ չափով պիտի դժուարանան նաեւ ամբողջութեամբ կիրակել յաւելումներու օրինագիծը։ Այստեղ հարկ է շեշտել, որ սեփական վարժարաններու եւ մասնաւոբար կաթողիկէ վարժարաններու համախմբումին կողմէ պետական պատկան մարմիններու հետ քննարկումները կը շարունակուին՝ առաւել եւս բիւրեղացնելու գործնականացման ընթացքը։
Աւարտին, հաւաքին մասնակիցները անհրաժեշտ համարեցին յառաջիկայ հանգրուանին եւս շարունակելու տուեալներու փոխանակման եւ ընդհանուր քաղաքականութեան մը որդեգրումին նպաստող տեղեկատուական նոյնօրինակ հաւաքները, կոչ ուղղեցին լիբանանահայ գաղութի համայնքապետներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի առաջնակարգ օրակարգի վրայ զետեղեն հայ վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ի հարկին նաեւ դիմեն այդ դժուարութիւնները վերացնող համասփիւռքեան ու համահայկական ճիգերու:
Այս առիթով, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․Տ․ Շահէ Եպս․ Փանոսեան հաստատեց, որ կը թուի, թէ ներկայ հանգրուանին հայ դպրոցը ոչ միայն սկսած է օրըստօրէ կորսնցնել իր բարեկամներն ու աջակիցները, այլեւ մնալ մինակ: Սրբազան Հայրը յոյս յայտնելով, որ միացեալ ճիգերով դարձեալ կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել հայ դպրոցին դիմաց յարուցուած տագնապեցնող այս հանգրուանը՝ շեշտեց, որ, այո՛, լիբանանահայ վարժարանները պահելու համար, հարկ է բոլոր մակարդակներուն վրայ մէկտեղել գաղութային մեր կարողականութիւնը, որպէսզի հայ դպրոցով մեր միջավայրը շարունակէ մնալ ազգային դիմագիծ ու նկարագիր ունեցող հարազատ միջավայր: