ՌՈՒԲԷՆ ՎՐԴ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ
Առաջաւորաց պահքը հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առաջին պահքն է, ուստի անիկա յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցիին: Անիկա 11 շաբաթապահքերէն մէկն է, կը տեւէ հինգ օր` Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ ներառեալ, կը պահուի Մեծ Պահքէն երեք շաբաթ առաջ:
Այս պահքը սահմանած է սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Թագաւորներն ու նախարարները, հինգ օր ծոմ պահելով, փրկուեցան զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն: Գրիգոր Լուսաւորիչ հաստատեց զայն՝ ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ պատուիրեց ամէն տարի շարունակել նոյնութեամբ: Եւ քանի որ այս պահքը առաջինը եղաւ Հայաստանի մէջ, ուստի կոչուեցաւ «առաջաւորաց պահք» եւ համարուեցաւ հայոց առաջին ազգային պահքը: Այս պահքի հինգերորդ` Ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրն է` իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ` Շաբաթ օրը, կը տօնենք սուրբ Սարգիս զօրավարի, անոր որդի Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու տօնը: Այստեղէն ալ յառաջացած է Առաջաւորաց պահքի թիւրիմացաբար Սուրբ Սարգիսի պահք անուանումը: Քանի որ, ըստ եկեղեցական կանոնի, սուրբերու տօներուն համար պահք չէ սահմանուած, հետեւաբար Սուրբ Սարգիսի տօնը չի կրնար պահք ունենալ, բայց ընդհանրացուած թիւրիմացութիւնը կը շարունակուի գործածուիլ: Առաջաւորաց պահքին յաջորդող Կիրակի օրը բարեկենդան է:
Ի տարբերութիւն միւս պահքերուն` Առաջաւորաց պահքի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Գիրք կամ Աւետարան չի կարդացուիր եւ Սբ. Պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ այս պահքին մէջ խորհրդաբար Ադամի անկումը կը յիշատակուի: Ադամի եւ նահապետներու ժամանակ «Գիրք եւ Մարգարէք» գոյութիւն չունէին: Եւ քանի որ այս պահքը կարգուեցաւ նահապետներու կողմէ, որոնք Գիրքերէն, Օրէնքէն եւ Աւետարանէն առաջ կային, ուստի այս պահքը կը պահենք առանց ընթերցումներու եւ Պատարագներու: Իսկ Ուրբաթ օրը կը կարդացուի Յովնանի մարգարէութիւնը` Նինուէի ազատութեան համար: