Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

Հրանդ Տինքը Սպաննողը Թրքական Պետութիւնն է․ Ճեմ Օզտեմիր

Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Քէոլնի մէջ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յայտնի մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիրը` յայտարարելով, որ Տինքը սպաննողը թրքական պետութիւնն է:

«Տինքի սպանութեամբ Թուրքիոյ մէջ ժամանակը ետ գնաց: Թուրքիոյ մէջ հիմա նոյնիսկ մամուլը ազատ չէ»,- ըսած է Ճեմ Օզտեմիր:

 

Թուրք յայտնի իրաւապաշպան Ռակըփ Զարաքօլու, իր հերթին, նշած է, որ Տինքի սպաննութիւնը կազմակերպողները մէկ բան հաշուի չէին առած՝ Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ խղճի պայթիւնի յառաջացում Տինքի սպաննութեամբ: «Այս առումով Հրանդ Տինք իր մահով Թուրքիոյ մէջ շատ բան փրկեց»,- ըսած է Զարաքօլու:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին