Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Աւստրալական ABC-ն Պատմած է Սուրիահայ Արծաթագործին Մասին

Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Աւետիք Պայրամեանի արծաթագործութեան արհեստանոցը կործանուած է:

Աւստրալական ABC-ն պատմած է Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Աւստրալիա գաղթած հայ ոսկերիչին մասին:

Աւետիք Պայրամեանը արծաթագործութեամբ կը զբաղէր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Արծաթագործութիւնը Պայրամեան ընտանիքին արհեստն է՝ իրենց մեծ պապէն սկսեալ։ 14 տարեկանէն Պայրամեանը աշխատած է իր հօրեղբօր արհեստանոցին մէջ: 2002 թուականին Հալէպի մէջ ան իր անձնական խանութը բացած էր, որ, սակայն, ոչնչացուած էր պատերազմի ժամանակ: Աւոյին ընտանիքը Պէյրութ տեղափոխուած էր, այնտեղէն ալ՝ Աւստրալիա:

Աւստրալիոյ մէջ Աւետիս յաջողած է գտնել իր երազանքի աշխատանքը: Այժմ  ան կ’աշխատի Աւստրալիոյ մէջ արծաթէ իրերու արտադրութեան վերջին աւանդական արհեստանոցին մէջ: W.J. Sanders արհեստանոցը հիմնադրուած է բրիտանացի գաղթականի մը կողմէ 1911 թուականին: Անոր սեփականատէրը Տենիս տէ Մուտը գնահատած է Աւետիքին արհեստն ու անոր աշխատանքի ընդունած։ «Աւոյին աշխատանքները ուղղակի հիանալի են: Ան նոր հմտութիւններ կը ներմուծէ: Մենք մէկ նոր եւ երկու աւագ աշակերտ ունինք: Շատ կարեւոր է, որ գործը զարգանայ եւ Աւոյին նման մարդիկ սորվեցնեն երիտասարդներու», – նշած է արհեստանոցի սեփականատէրը:

Արհեստանոցի պատուերներէն մէկը Աւստրալիոյ թենիսի յաջորդ բաց ախոյեանութեան գաւաթն է:

«Չէք պատկերացներ, թէ ո՛րքան դժուար էր մէկ կողմ ձգել մեր կեանքը ու գալ այստեղ՝ աշխատանք փնտռելու: Բայց եթէ մարդ կը սիրէ իր աշխատանքը, ապա ջանասիրաբար կ’աշխատի եւ յաջողութեան կը հասնի»,- նշած է Պայրամեան։

Անոր հինգ տարեկան դուստրը` Լուրտը, արդէն սկսած է հետաքրքրուիլ ընտանեկան գործով։ «Ես կը տեսնեմ, որ ան ձեւաւորման տաղանդ ունի: Սա առաջին բանն է, որ անհրաժեշտ է այս գործին մէջ»,- նշած է Աւետիսը:

Արծաթագործ Աւետիք Պայրամեանը իր հօրեղբօր արհեստանոցին մէջ, Հալէպ, յաջողած է աւելի հմտանալ արծաթագործութեան մէջ:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին