Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Փարիզի Մէջ ԹՈՒՄՕ Կեդրոն Պիտի Հիմնուի

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այս մասին Փարիզի քաղաքապետը կը տեղեկացնէ իր համացանցային պլոկին մէջ:

 

«Ինծի համար պատիւ էր քաղաքապետարանին մէջ ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը»,- կը գրէ ան:

Անն Իտալկօ դրուատիքով կը խօսի Փարիզի հայկական համայնքի մասին՝ ընդգծելով, որ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած են եւ զգալի ներդրում ունեզած քաղաքի զարգացման գործին մէջ, նաեւ հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Փարիզի քաղաքապետը հիացմունքով կ’արտայայտուի նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մասին՝ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ատեն տեղեկացնելով, որ կը նախատեսեն սոյն տարուան, Փարիզի մէջ հիմնել հայկական նախագիծ հանդիսացող ԹՈՒՄՕ-ի օրինակով կեդրոն մը, որ պիտի դառնայ երկկողմ բարեկամութեան եւս մէկ կամուրջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին