Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին Հետ

Գահիրէ ժամանումէն անմիջապէս ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։ Ապա հանդիպումին միացաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռաաի Պատրիարքը։ Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ու եկեղեցիներու գործակցութեան առնչութիւն ունեցող հարցեր։

Խաղաղութեան հարցին շուրջ Ալ-Ազհար իսլամական կեդրոնին կազմակերպած միջազգային համագումարի ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յատկապէս համագումարին մասնակից տարբեր պետութիւններու, իսլամական կեդրոններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։

Հայրապետ Գահիրէ կեցութեան ընթացքին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ։

Նշենք, որ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան եւ Ազգային Իշխանութիւնը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ընթրիք մը սարքեցին Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին