Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Թուրքիա. Հրանդ Տինքի Մասին Կարօ Փայլանի Ելոյթը Ջնջուած Է Խորհրդարանի Արձանագրութիւններէն

Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան Հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անցեալ շաբաթ Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցի կապակցութեամբ ելոյթ ունեցած էր խորհրդարանին մէջ: 18 Յունուարին տեղի ունեցած նիստի ժամանակ Փայլանն ու իր կուսակցութիւնը առաջարկած են Տինքի գործի բացայայտման ու նման դէպքերու կանխարգելման ուղղուած խորհրդարանական հետաքննութիւն իրականացնել, սակայն ԺԴԿ-ի առաջարկը չէ ընդունուած օրակարգ։

Ընդդիմադիր «T24» լրատուակայքի տեղեկացմամբ, իր ելոյթի աւարտին Փայլան հայերէնով ըսած է․ «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ։ Շատ ապրիս, Հրանդ»:  Սակայն խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի խօսքերու փոխարէն միայն «X» նշան դրուած է։

Նշենք, որ աւելի կանուխ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս հնչած արաբերէն եւ քրտերէն արտայայտութիւններ եւս արձանագրութիւններու մէջ նշուած էին «X» նշանով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին