Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Եւրոմիութիւնը Ֆինանսապէս Պիտի Աջակցի Հայաստանի Տարբեր Ոլորտներու Զարգացման Ուղղուած Եւս 5 Նախաձեռնութեան

Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած եւս 5 ծրագիր պիտի իրականացուի Եւրոմիութեան ֆինանսական աջակցութեամբ:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան հինգ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Յունուար 19-ին ստորագրեցին հինգ նոր դրամաշնորհային պայմանագիրներ` ուղղուած ժողովրդավարական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներու բարելաւման:

 Փիթըր Սուիթալսքին նշեց, որ այս ծրագիրները բազմազան են եւ կ’առնչուին իւրաքանչիւրին: «Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը կը մեկնարկէ հանրային կարեւորութեան հինգ նոր ծրագիր` ուղղուած քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Անիկա քաղաքացիները պիտի ներգրաւէ կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի տարբեր գործողութիւններու մէջ,- «Արմենփրէս»-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան` ընդգծելով, որ լիայոյս է այս նոր ծրագիրներու խնդրով, որոնք աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու եւ հասարակ քաղաքացիներու պիտի խրախուսեն ներգրաւուիլ Հայաստանի հանրային  բնոյթի շարք մը կարեւոր քննարկումներու մէջ:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան պիտի տրամադրուի 1.74 միլիոն եւրօ նոր ծրագիրներու համար:

«Այս ծրագիրները կ’ընդգրկեն բազմազան ոլորտներ` փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներուն, կանանց կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութիւններուն ու պետական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ պիւտճէի կատարման եւ ուժանիւթի ծախսերու կրճատման առնչուող հարցեր»,- ըսած է Սուիթալսքի:

Ան նաեւ նշած է, որ այս ծրագիրները կը նշուին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 2017 թուականին Նոյեմբեր 24-ին ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին մէջ:

Այսպիսով, «Հանրային հայեացք` փակ աշխարհին, փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի մասին իրազեկման բարձրացում» երկամեայ ծրագիրը կ’իրականացնեն «Հանրային լրագրութեան ակումբ»-ը եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութիւնը:

«Տեղեկատուութեան մատչելիութիւն եւ հետաքննական լրագրութեան առաւել իրազեկուած քաղաքացիներու համար» ծրագիրը կ’իրականացուի «Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն»-ի եւ Մաասթրիխթի մէջ գործող եւրոպական լրագրութեան կեդրոնին կողմէ:

«ԵՄ-ն քաղաքացիական հասարակութեան. Ուժանիւթի խնայողութիւնը Հայաստանի համայնքներուն մէջ» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակն է ներգրաւել հասարակութեան լայն շերտերը ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ քաղաքացիական ընկալման վերանայման գործին մէջ՝ որպէս Հայաստանի մէջ աղքատութեան նուազեցման եւ վերացման ուղի:

«Դրական փոփոխութիւն քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւններու հզօրացման միջոցով» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որ պիտի իրականացուի «Բաց հասարակութեան հիմնարկի օժանդակութեան հիմնադրամ» հայաստանեան մասնաճիւղի եւ «Հանրային քաղաքականութեան հիմնարկ»-ի եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութիւններուն կողմէ:

 «ԵՄ-ն կանանց համար, տնտեսական հզօրացում ընկերային ձեռնարկութիւններու միջոցով» ծրագիրը նոյնպէս երկամեայ ծրագիր է, որ կ’իրականացուի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի եւ Կանանց Զարգացման Աղբիւրներու կեդրոնին կողմէ:

«Տեղեկատուութեան ազատութեան կեդրոն»-ի նախագահ Շուշան Դոյդոյեան նշած է, որ մեծապէս կ’արժեւորէ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը եւ իրարու միջեւ առկայ վստահութիւնը:  «Քաղաքական հասարակութիւնը միշտ ալ պայծառ, նորարարական գաղափարներ ունի, այդ իսկ պատճառով ան ստեղծուած է, բայց, ցաւօք, երբեմն բաւարար միջոցներ չունի այդ գաղափարները կեանքի կոչելու համար: Ես շատ կարեւոր կը համարեմ այդ վստահութիւնը, որ իսկապէս կրնանք Հայաստանին բերել փոփոխութիւններ»,-ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին