Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Կարպիս Զաքարեան. Առաջին Արհեստավարժ Բռնցքամարտիկը Թուրքիոյ Մէջ

Արհեստավարժ բռնցքամարտի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: 1930-ին Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» մականունով, կը գրէ «Փանարմինիըն»-ը:

Զաքարեան ստիպուած եղած է 5-րդ դասարանէն լքելու դպրոցը եւ նամակատար աշխատելու` ծնողներուն օգնելու համար:

Հայ բռնցքամարտիկի ասպարէզը սկսած է 14 տարեկանէն: 1948 թուականին ան դարձած է Թուրքիոյ ախոյեան 48 քկ․ դասակարգին մէջ, իսկ 1951-ին` երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը:

Իր մարզական ասպարէզի ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ Կարպիսը մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարքի, տօնած 226 յաղթանակ, ունեցած ընդամէնը երկու նոքաութ: 1960-ականներու վերջը միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Զաքարեանը սկսած է զբաղիլ մարզիչի գործունէութեամբ:

88-ամեայ բռնցքամարտիկը այժմ իր տիկնոջ հետ կ’ապրի Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ: Անոր մարզական եւ անձնական կեանքի մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրանը եւ թուրք գրող Էրտեն Աքթողուն գիրք համահեղինակած են` Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին