Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

ԹՄՄ Երիտասարդական «The Youth Band» Նուագախումբը Արձանագրեց Երաժշտական Բացառիկ Երեկոյ

*ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Հովանաւորութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան «The Youth Band» նորակազմ նուագախումբը ներկայացուց իր տարեկան փառահեղ ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին երեկոյեան ժամը 8-ին Յակոբ Տէր Մելգոնեան թատերասրահին մէջ ներկայութեամբ երաժշտասէր հոծ բազմութեան։ Նշենք, որ այս նուագախումբի կազմութիւնը բարենպաստ մտայղացումն էր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի, որ կը նպատակադրէ համախմբել երիտասարդ ուժերը եւ ամէն կերպ սատարել անոնց, որպէսզի կատարելագործեն իրենց երաժշտական տաղանդը՝ երաժշտական ղեկավար ունենալով Պրն. Վիգէն Չալեանի նման անձնաւորութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ձեռնարկի կազմակերպող՝ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան փոխ-ատենապետ

Վաչէ Տօնէրեան

Ելոյթը մեկնարկեց «Սարդարապատ» երաժշտական կտորի խմբային նուագով, որուն յաջորդեց «Քո անունը սէր է» երգը Մանուէլ Աշըգեանի շլացուցիչ կատարողութեամբ, որ յաջողեցաւ երգի զգացական զեղումները լաւագոյնս փոխանցել ունկնդիր բազմութեան։ Այնուհետեւ Ալիս Իփրաճեան ձայնային առինքնող ելեւէջումներով կատարեց «Հապիպի» երգը, ապա ամբողջ խումբը նուագեց «Long train runin» երաժշտական գեղեցիկ կտորը։ Երկու յաջորդական երգերով` «Տուն իմ հայրենի» եւ «Պինկիոլ» հանդէս եկաւ Ալիս Իփրաճեան, որ իրաւամբ յաջողեցաւ ունկնդիր բազմութեան մատուցել երաժշտական հոգեպարար պահեր։ Նայիրա Պաղտասարեանի «Knock on Heaven Doors» եւ Լիզա Կուողլանեանի «Քըլ ալ ասայըտ» երգերու մենակատարումները իրենց իւրօրինակութեամբ ներթափանցեցին ունկնդիրներու հոգիները, այնուհետեւ ամբողջ նուագախումբի  նուագակցութեամբ հնչեց «Sonata patetique» երաժշտական կտորը։ Նայիրա Պաղտասարեան մեծ վարպետութեամբ հրամցուց «Feeling good» երգը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Ալիս Իփրաճեան: Ան ունկնդիրներուն ներկայացուց «Երեկոյեան Երեւան» երգը: Անոր ձայնի բացարձակ բիւրեղացումը, հոգեհուպ քաղցրութիւնն ու հարազատ ջերմութիւնը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Ապա ամբողջ նուագախումբը նուագեց «Oya Como va» երաժշտական կտորը։ Մանուէլ Աշըգեան զգայացունց կատարումով հրամցուց «Սիրելիս» երգը։ Հուսկ,  Ալիս Իփրաճեան յաջորդաբար կատարեց «Թամամ Աշխարհ», «Silent Night» եւ «Իմ Անունը Հայաստան է» երգերը։ Հոս պէտք է ի մասնաւորի փակագիծ բանալ եւ նշել, որ իր բացառիկ տաղանդին շնորհիւ օրուան աստղը հանդիսացաւ Ալիս Իփրաճեան` արժանանալով ունկնդիրներու յոտնկայս ծափահարութեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք նուագախումբի անդամները.

Նարեկ Դաւիթեան (թմբուկ), Արա Թորգոմեան (հարուածային գործիք), Կարօ Թորգոմեան (լարային կիթառ), Արէն Տոներեան եւ Գէորգ Տէր Սարգիսեան (մենանուագ կիթառ), Կարօ Գրիգորեան եւ Մանէ Պասմաճեան (դաշնամուր), Նաթաշա Թոփաքեան (շուի), Նաթալի Աբոքեան (տուտուկ), Կայել Գրիգորեան (քանոն), Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ, շուի, տուտուկ), Նենսի Ալ Քատի (աւագասրինգ), Մարիօ Ալ Հաժ եւ Թալար Գէորգեան (ձայնափող), Ալինա Քայֆէճեան եւ Նշան Մարաշլեան (սաքսափող բարձրանուագ), Գարոլ Ալ Հաժ (սաքսափող վերնաբամբ), Ճեսիքա Ալ Քատի (գալարափող), Մարին Հալաճեան, Յովիկ Աշըգեան, Մանօ Աշըգեան, Մարիան Արդինեան եւ Փիեռ Ղանէմ (ջութակ), Քրիսթիան Հատտատ (թաւջութակ):

Իսկ մենակատարողներ`
Ալիս Իփրաճեան, Նայիրա Պաղտասարեան, Լիզա Կուողլանեան եւ Մանուէլ Աշըգեան։

Լիզա Կուողլանեան
Ալիս Իփրաճեան
Նայիրա Պաղտասարեան
Մանուէլ Աշըգեան

Ելոյթի աւարտին, ունկնդիրները կրկին յոտնկայս ծափահարութեամբ գնահատեցին նուագախումբի բոլոր անդամները, մենակատարողներն ու խմբավար Պրն. Վիգէն Չալեանը, որոնք, անտարակոյս, յաջողեցան արձանագրել երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը՝ երաժշտասէր բազմութեան ըմբոշխնել տալով հայ եւ եւրոպական կտորներու գեղեցիկ կատարումները: 

Խմբավար՝ Վիգէն Չալեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին