Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծաւալած իր գործունէութեամբ եւ հակահայ տրամադրութիւններով յայտնի թրքական «պայքար հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ» միութեան (ASİMDER) նախագահ Կէոքսէլ Կիւլպէյը հանդէս եկած է նոր յայտարարութեամբ:
Վկայակոչելով թրքական «Sondakika» լրատուական կայքը՝ «Ermenihaber.am»-ը կը հաղորդէ, թէ Կիւլպէյը յայտարարած է, որ «Հայաստանի ազատութեան հայ գաղտնի բանակը»` ASALA-ն, որուն գործունէութեան դադրեցման մասին յայտարարուած էր 1984 թուականին, կրկին բացուած է Վրաստանի Ջաւախք շրջանին մէջ «Վիրք-երկիր» անունով:
Ըստ Կիւլպէյի` «Վիրք-երկիր» միութիւնը ահաբեկչական կառոյց է, որ տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը կեանքի կոչելու համար կ’օգտագործէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ բնակող հայերը: ASİMDER-ի ղեկավարին պնդումով` Ախալքալաքի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանը հեռանալու ընթացքին դիւրակիր զինատեսակները ձգած է «Վիրք-երկիր»-ի անդամներուն: Ան նշած է, որ կազմակերպութեան նախկին ղեկավար Վահագն Չախալեանը 2008 թուականին ձերբակալուած էր անջատողական կազմակերպութիւն հիմնելու եւ զէնքի առքուվաճառքով զբաղելու մեղադրանքով:
Անդրադառնալով Ջաւախքի նորագոյն պատմութեան` Կիւլպէյ յայտնած է, որ Ջաւախքի խնդիրը յառաջացած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետ միաժամանակ: Բայց քանի որ հայերը չեն կրցած լուծել ղարաբաղեան խնդիրը, Ջաւախքի հարցով որոշ պահանջներ առկախած են` չուզելով փակել աշխարհի հետ կապող միակ դարպասը, որ կ’անցնի Վրաստանով:
Հակահայ գործունէութեամբ յայտնի գործիչին պնդումով` Վրաստանի մէջ կը բնակի 600 հազար ազրպէյճանցի թուրք, որոնցմէ Ջաւախքի մօտակայ գիւղերուն եւ աւաններուն մէջ ապրողներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ, քանի որ «Վիրք-երկիր»-ի եւ ASALA-ի աշխարհահայեացքը նոյնն է: