Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Կայացած է Սերկէյ Փարաջանովի Նուիրուած Ստեղծագործական Մրցոյթին Պարգեւատրման Արարողութիւնը

Թիֆլիսի Կովկասեան տան մէջ Յունուար 8-ին տեղի ունեցած է Սերկէյ Փարաջանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցոյթի յաղթողներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Վիրահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին մասնակցած են Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան, Վրաստանի` Հաշտեցման եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լաշա Տարսալիան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիրահայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ:

Ժիւրիի որոշումով ստեղծագործական մրցոյթի «Ոսկէ դափնեկիր»-ի կոչման արժանացած է Դինադին Պուգիան, առաջին տեղը գրաւած է Եուլիա Չալունելին, երկրորդը` Գոհար Յակոբեանը, իսկ երրորդը` Լեւան Ցալուկելաշվիլին:

«Ոսկէ դափնեկիր»-ի կոչման արժանացած Դինադին Պուգիային դեսպան Սադոյեան պարգեւատրած է պատուոգիրով եւ յանձնած Հայաստան այցելութեան եռօրեայ ուղեգիր, ուր ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ այցելելու տեսարժան վայրեր եւ ծանօթանալու Հայաստանի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան:

Պատուոգիրեր յանձնուած են նաեւ մրցանակային այլ տեղեր զբաղցուցած մասնակիցներուն:

Նշենք, որ Սերկէյ Փարաջանովին նուիրուած ստեղծագործական մրցոյթը տեղի ունեցած է 2017 Հոկտեմբեր 15-Դեկտեմբեր 28, որուն ընթացքին երեք տասնեակէ աւելի հայ եւ վրացի նկարիչներ հանդէս եկած են իրենց հեղինակային ստեղծագործութիւններով: Յաղթողին տրամադրուած ուղեգիրի բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին