Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Խմբագրական «Զարթօնք»ի՝ Հաշուեյարդար. Ի՞նչ Ըրինք, Ի՞նչ Չկրցանք Ընել, Ի՞նչ Պիտի Ընենք

Ամանորի սեմին հաշուեյարդար մը կ’ուզենք ընել, «Զարթօնք»-ի նախորդ տարուան գործունէութեանց արձանագրելով, թէ ու՛ր յաջողեցանք, ու՛ր ձախողեցանք եւ ի՛նչ կը ծրագրենք յաջողցնել այս տարի:

Նախորդ տարուան ընթացքին մեր աշխատանքներուն համար բնականաբար գնահատուեցանք, գնահատեցինք, քննադատեցինք եւ քննադատուեցանք: Գնահատականներուն համար մեծապէս շնորհակալ ենք եւ կը վստահեցնենք, որ այդ մէկը մեզի համար խթան հադիսացաւ աւելի եւ յանձնառու դարձուց լաւագոյնս տալու մեր ընթերցողներուն: Գնահատեցինք արժանաւորին: Մեր տեսանկիւնէն դիտուած շինիչ կերպով քննադատեցինք շատ մը երեւոյթներ մեր ազգային իրականութեան մէջ: Տեղին քննադատութիւններէն փորձեցինք սորվիլ իսկ «երդուեալ քննադատողներուն» հետ ժամավաճառ չըլլալու համար անոնց մաղթեցինք, որ Աստուած իրենց սրտին համեմատ տայ…:

Նախորդ տարին յոբելենական էր: «Զարթօնք»-ի 80-ամեակը: Այս առիթով կարողացանք զանազան ձեռնարկներ յաջողցնել 80-ամեակի ծիրէն ներս, որ սկսաւ անոր մեկնարկի ձեռնարկէն՝ ընդգրկելով Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ ազգային-քաղաքական հրատապ հարցերու շուրջ «Զարթօնքեան Հանդիպումներ»-ու շարքեր, հասնելու համար զայն փառաշուքօրէն նշելու Հայրենիքի Ազգային Գրադարանին մէջ:

«Մկրտիչ Մսըրլեանի Անուան Զարթօնքի Մրցանակ»-ին առաջինը յանձնեցինք Տարուան Բեղուն Գրիչը ունեցող մեզի աշխատակից արժանաւորին:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» նախաձեռնութեան որպէս արձագանգ եւ շնորհիւ մեր թերթի ազնիւ բարեկամներուն նեցուկին կազմակերպեցինք եւ յաջողցուցինք «Զարթօնք Արցախի Զինուորին Կողքին» նուիրահաւաքը, որուն շնորհիւ կրցանք տաք հագուստ փութացնել Արցախի սահմանները պահող Հայոց Բանակի քաջարի զինուորներուն:

«Զարթօնք» Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Վարդան Մինասեանի անուան հիմնական 2րդ վարժարանին մէջ տնկեց բարեկամութեան Մայրիի ծառը:

«Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ» շարքով ունեցանք հետաքրքրական հանդիպումներ Հայաստանի մէջ՝ զրուցելով Հայրենի անձնաւորութիւններու հետ, որոնց անդրադարձանք մեր թերթին էջերուն մէջ:

«Խմբագրատանս Մէջ» սիւնակով շարունակեցինք ընդունիլ  սիրելի հիւրեր՝ անոնց հետ ունեցած մեր շահեկան զրոյցը դնելով մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:

Ունեցանք «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակութային Գանձարաններուն Մէջ» շաբաթօրեայ էջը, որուն միջոցաւ «Զարթօնք»-ի Երեւանի մեր մնայուն աշխատակիցին այցելութիւններուն եւ զրոյցներուն միջոցով մեր ընթերցողներուն ծանօթացուցինք Հայրենիքի մեր թանգարանները:

Սկսանք «Արցախը Նախորդ Շաբաթ» շաբաթօրեայ սիւնակը՝  Արցախի մեր աշխատակիցին գրիչով մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով Արցախի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները:

«Երեւանը Նախորդ Շաբաթ» շաբաթասկիզբի սիւնակով մեր ընթերցողներուն սկսանք ներկայացնել մշակութային յուշատետր մը տուեալ շաբթուան Երեւանեան ձեռնարկներու:

Մեր թերթին մէջ ունեցանք «Անտիպ Յուշեր Անցեալէն» թերթօնն ու «Լուսանկարներ Անցեալէն» սիւնակը:

«Արմենփրէս»-ի հետ յատուկ կնքուած գործակցութեան յուշագրով մը մեր ընթերցողներուն հրամցուցինք հայրենի թէ միջազգային հաւաստի եւ իմաստալից լուրեր:

«ՌԱԿ Մամուլ»-ի եւ ելեկտրոնային ցրւումի միջոցաւ «Զարթօնք»-ի ելեկտրոնային տարբերակը օրն ի բուն հասցուցինք աշխարհի տարածքին շուրջ 13 500 հասցէներու:

Կայքէջի եւ ընկերային համացանցի վրայ մեր ընթերցողներու թիւը յարաճուն աճ արձանագրեց:

«Զարթօնք»-ի արխիւի փրկութեան ի խնդիր եւ շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի ազնիւ օժանդակութեան սկսանք մեր թերթի արխիւը թուայնացնելու ծանր աշխատանքը:

Ինչ որ չկրցանք իրականացնել այն եղաւ, որ տպագիր թերթի բաժանորդներու մեր թիւը չկրցանք աւելցնել բան մը, որ ընդհանուր երեւոյթ է, ուր տպագիրը ամէնուրէք կը նահանջէ ելեկտրոնայինին հաշւոյն:

Չկրցանք հետեւողականօրէն շարունակել անգլերէն լեզուով մեր տպագիր շաբաթօրեայ յաւելուածը, պիւտճէական պատճառներով՝ զայն փոխարինելով ելեկտրոնային համացանցի մէջ մեր տուած անգլերէն լուրերով: Նոյն պատճառով՝ չկրցանք մեր սկսած Մանկապատանեկան  «Արեւիկ» յաւելուածի հրատարակութիւնը շարունակել:

«Զարթօնք»ի 80-ամեակի մեկնարկի ձեռնարկին մեր յայտարարած հրատարկութիւններու շարքը նախորդ տարի ցաւօք չկրցանք իրագործել:

2018-ին պիտի շարունակենք այն ինչ որ սկսած ենք՝ փորձելով զանոնք մարդկային եւ նիւթական պայմաններու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կատարելագործել:

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի գործակցութեամբ եւ մեր բարեկամներուն նեցուկով պիտի շարուանակենք մեր արխիւի թուայնացումի աշխատանքը:

Մեր առօրեայ թիւին լրատուական եւ հրապարակագրութեան աւելի տեղ տալու համար մեր առօրեայ «Մարզական Աշխարհ»-ի էջը պիտի փոխարինենք վերահրատարակելով անցեալին գոյութիւն ունեցող «Զարթօնք Սփոր» շաբաթօրեայ յաւելուածը:

«Զարթօնք»ի 80-ամեակը պիտի թագադրենք տպագիր յատուկ հրատարակութեամբ մը, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ ու յատուկ հանդիսութիւններով պիտի ներկայացուի մեր աշխարհասփիւռ ընթերցողներուն:

2018-ին «Զարթօնք»-ը մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք նոր եւ աւելի արդիական տեսքով:

Վերջապէս 2018-ին եւ միշտ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որուն դիմաց ընկրկած են արդէն տպագիրի հսկաներ Լիբանանի մէջ թէ այլուր, մենք պիտի շարունակենք հրատարակել «Զարթօնք»-ի մեր տպագիրը, նոյնիսկ եթէ ան ունենայ մէկ ընթերցող, որուն հանդէպ մեր 80-ամեայ յանձնառութիւնը պիտի շարունակուի դէպի հարիւրամեակներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին