Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

10 Տարուան Մէջ Արցախի ՀՆԱ-ն Աճած է Մօտ 4 Անգամ

Տասը տարուան մէջ Արցախի Համախառն ներքին արտադրանքի (ՀՆԱ) աճած է 3.8 անգամ: ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ այս մասին ըսած է ԱՀ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

Անոր խօսքով` մօտ 70 միլիառ դրամի անուանական ՀՆԱ-ն տասը տարուան մէջ հասած է մօտ 270 միլիառ դրամի: Նոյն ժամանակահատուածին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 2.7 անգամ` գերազանցելով 59 միլիառ դրամը: 2.2 աճած է միջին անուանական աշխատավարձը` 2007-ի 68, 000 դրամէն 2017-ին հասնելով 153, 000 դրամի:

«Եթէ 2007 թուականին Արցախի մէջ կ’արտադրուէր 90 միլիոն ք-ուաթ/Ժ ելեկտրականութիւն, այս տարի անիկա պիտի ըլլայ մօտ 350 միլիոն ք-ուաթ/Ժ` 10 տարուան մէջ մօտ 3.8 անգամ աւելի: Իսկ քանի մը տարիէն ջրաելեկտրակայանի  արտադրանքը պիտի հասցնենք մօտ 800 միլիոն ք-ուաթ/Ժ-ի»,- անդրադառնալով ուժանիւթի ոլորտին` նշած է պետական նախարարը:

10 տարուան մէջ մօտ 40%-ով աճած է մշակուող հողատարածքներուն քանակը, իսկ արտադրուած հացահատիկի ծաւալը աճած է աւելի քան երեք անգամ` 2007-ի 52,000 թոնէն անցնող տարի հասնելով 160,000 թոնի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին