Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Գործազուրկներու 36.3 Տոկոսը Գիւղաբնակներն Են

Զբաղուածութեան պետական գործակալութեան տուեալներուն համաձայն`  2017 Նոյեմբեր 1-ի դրութեամբ աշխատանք փնտռողներու թիւը կը կազմէ 88.2 հազար մարդ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 8.9%-ով, իսկ տարեսկիզբի նկատմամբ նուազած է 8.7%-ով: Գիւղաբնակները կը կազմեն աշխատանք փնտռողներու 35.4%-ը, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 9.0%-ով:

Զբաղուածութեան պետական գործակալութեան տուեալներուն համաձայն` գործազուրկներու թիւը կը կազմէ աշխատանք փնտռողներու 82.5%-ը կամ 72.8 հազար մարդ: Այս ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ նուազած է 11.0%-ով, իսկ տարեսկիզբի համեմատ` 10.7%-ով: Գործազուրկ կանանց թուաքանակը կը կազմէ գործազուրկներու թիւին 66.5%-ը կամ 48.4 հազար մարդ, երիտասարդներու թուաքանակը` 24.3%-ը կամ 17.7 հազար մարդ, իսկ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու թիւը` 4.3% կամ 3.1 հազար մարդ:

Գործազուրկներու թիւին մէջ գիւղաբնակները կը կազմեն 36.3%, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանկահատուածի համեմատ նուազած է 8.6%-ով:

Գործազուրկներուն մէջ բարձրագոյն եւ յետբուհական կրթութիւն ունեցողներու թիւը կը կազմէ 12.5%, մասնագիտական միջին կրթութիւն ունեցողները` 17.4%, մասնագիտական (արհեստագործական) նախնական կրթութիւն ունեցողները` 5.3%, ընդհանուր միջնակարգ կրթութիւն ունեցողները` 55.4 %, յատուկ ընդհանուր, հիմնական ընդհանուր եւ տարրական կրթութիւն ունեցողները` 9.4%: Ըստ տարիքի՝ գործազուրկներու մէջ 16-29 տարեկանները կը կազմեն 24.3%, 30-44 տարեկանները` 39.6%, 45-54 տարեկանները` 19.9 %, 55-էն բարձր տարիքի անձիք` 17.1 %:

2017-ի Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին աշխատանքի տեղաւորուած է 7218 աշխատանք փնտռող, որմէ 4459-ը` կին, 2349-ը` երիտասարդ, 142-ը` հաշմանդամութիւն ունեցող անձ:

Աշխատանքի տեղաւորուածները հիմնականօրէն արդիւնաբերութեան (19.2%), մեծածախ եւ մանրածախ առեւտուրի (17.6%), սպասարկման (18.2%) ոլորտներու մէջ են:

Աշխատաքի շուկային մէջ հիմնականօրէն պահանջուած են բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող բժիշկներ, դասաւանդողներ (մարզերու մէջ), համակարգչային մասնագէտներ (տարբեր), ճարտարագէտներ եւ յարակից մասնագէտներ, հաշուապահներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին