Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Թրքական Համալսարանի Փրոֆէսորը Իջեցուցած է Ազրպէյճանի Դրօշակը եւ Պահանջած է Վերադարձնել Հայաստանի Դրօշակը

Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Ուլուտաղի համալսարանին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դրօշակներուն համար մեծ աղմուկ յառաջացած է:

Ըստ «News.am»-ի՝ Ուլուտաղի ազրպէյճանցի ուսանողները յայտարարած են, թէ Դեկտեմբեր 5–ին նկատած են, որ Ազրպէյճանի դրօշակը կը բացակայի համալսարանի առջեւը:  Համալսարանին մէջ անոնց պարզաբանած են, թէ դրօշակները կը նորոգուին եւ մէկ շաբաթ անց նոր դրօշակ պիտի տեղադրուի:

Մէկ շաբաթ անց՝ ազրպէյճանցի ուսանողները տեսած են, որ դեռ դրօշակը չկայ, ուստի համալսարանի ղեկավարութեան յայտնած են, որ կ’ուզեն իրենց ուժերով կախել Ազրպէյճանի դրօշակը:

Սակայն դրօշակներու հարցերով պատասխանատու, իսլամի պատմութեան դասախօս, փրոֆէսոր Սալիհ Փայը ազրպէյճանցի ուսանողներուն ըսած է, որ օրեր առաջ անհետացած է Հայաստանի դրօշակը եւ կասկածը նոյն ինքն ազրպէյճանցիներուն վրայ է, եւ եթէ անոնք վերադարձնեն Հայաստանի դրօշակը, փրոֆէսորը պիտի կախէ նաեւ Ատրպէյճանի դրօշակը:

Ազրպէյճանցիները յաջորդ օրը որոշած են երթալ համալասարան եւ ինքնուրոյն կախել իրենց երկրի դրօշակը, սակայն անոնք շատ զարմացած են, երբ տեսած են մեծ թիւով ոստիկանական մեքենաներ համալսարանին բակը:

Ազրպէյճանցի ուսանողները ստիպուած համալսարանէն դուրս բողոք իրականացուցած են:

Այս թեման մեծ արձագանգ գտած է միայն ազրպէյճանական մամուլի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին