Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Զիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին` նախարարը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց, որ յանգեցուց 2009-ի Հոկտեմբերին Զիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած է, որ մինչ օրս այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիան ներկայացուցած է անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր Ասամպլէայի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ, քանի որ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ Արձանագրութիւններուն»,- յայտարարած է Նալպանտեան:
Յիշեցնենք, որ 2008-ին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն արդիւնքով 2009 Հոկտեմբեր 10-ին Զիւրիխի մէջ ՀՀ եւ ԹՀ ԱԳ նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններ:
Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք Թուրքիան, կտրուկ փոխելով իր դիրքորոշումը եւ հրաժարելով «խելամիտ ժամկէտներու մէջ» եւ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ձեռք բերուած համաձայնութենէն, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին մէջ Արձանագրութիւններու վաւերացումը կապեց ԼՂ-ի հիմնահարցի կարգաւորման:
2010 Ապրիլ 22-ին, հաշուի առնելով թրքական կողմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ արձագանգելով ՀՀ իշխող միախառն կառավարութեան կուսակցութիւններու քաղաքական խորհուրդներու համատեղ դիմումին, ՀՀ նախագահը հրամանագիր ստորագրեց Արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի կասեցման մասին:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 2015 Փետրուար 16-ին նամակով դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահին` տեղեկացնելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ՀՀ Աժ-էն ետ կանչելու վերաբերեալ իր որոշման մասին: