Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Թուֆենկեան» Հիմնադրամի Ծրագրով կը Ներառուին Քաշաթաղի Շրջանի Հիւսիսային Գիւղերը

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը 2017-ին Արցախի մէջ իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ քանի մը հատը դեռ ընթացքի մէջ են:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ 2017-ին հիմնադրամին շնորհիւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ շահագործման յանձնուած է վեց նոր բնակելի տուն: «Բացի այդ, Առաջամուղի մէջ ընդլայնուած է նաեւ գիւղի դպրոցին շէնքը. աւելցած են չորս նոր դասասենեակներ»,- նշած է Մ. Յովհաննիսեանը:

Անոր խօսքով` հիմնադրամը ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Հայրենասէր» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ վերանորոգած է Քաշաթաղի շրջանի Հակ գիւղի դպրոցը: Հակի մէջ լուծուած է նաեւ խմելու ջուրով ապահովելու խնդիրը:

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ, մասնաւորապէս վերանորոգած է գիւղի հիւանդանոցը, Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներու բնակարաններ:

Մ. Յովհաննիսեան նշած է, որ «Վիրաւոր ազատամարտիկներու բնակարանային ապահովման» ծրագիրի ծիրէն ներս ընթացիկ տարին վերանորոգուած է հինգ բնակարան:

Խօսելով ընթացիկ ծրագիրներուն մասին` ան նշած է, որ աւարտական փուլի մէջ է Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ վիրաւոր ազատամարտիկի տան վերանորոգման աշխատանքները:

«2018 թուականին կը նախատեսենք հիմնադրամին աշխատանքները կեդրոնացնել Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային գիւղերու ենթակառուցուածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակել մեր մշտական ծրագիրները»,- նշած է Մ. Յովհաննիսեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին