ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ԵԱՀԿ մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի փակումը շատ բացասական նախադէպ կը ստեղծէ:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Նալպանտեանը նշած է, որ ԵԱՀԿ բուն էութիւնը խնդիրները երկխօսութեան ու համագործակցութեան միջոցով հանգուցալուծելն է, այլ ոչ թէ մասնակից պետութեան մը դիրքորոշումը ի վնաս միւսներուն եւ ամբողջ կազմակերպութեան պարտադրելը: «Նախարարական խորհուրդները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն՝ խօսելու ձեռքբերումներու եւ ապագայի տեսլականի մասին: Այնուամենայնիւ, հաւասարապէս կարեւոր է չփախցնել այս հնարաւորութիւնը` անկեղծ կերպով քննարկման առարկայ դարձնելու համար կազմակերպութեան թերութիւնները: Ազրպէյճանի` ԵԱՀԿ գրասենեակի իրաւագիրի երկարաձգման համաձայնութեան միանալէն հրաժարիլը վնաս հասցուց ո՛չ միայն ԵԱՀԿ դաշտային առաքելութիւններու գործունէութեան միասնականութեան, այլեւ կազմակերպութեան ծիրէն ներս ընդգրկուն համագործակցութիւն ծաւալելու կարողութեան»,- ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:
Ան յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ յանձնառութիւնները չյարգելէ եւ կազմակերպութեան գրասենեակը սեփական երկրի մէջ փակելէ ետք Ազրպէյճանը թիրախ դարձուց եւ փակեց ԵԱՀԿ վերջին լիարժէք գործող առաքելութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Նալպանտեան ցաւալի համարած է այն փաստը, որ գրասենեակը փակուեցաւ` ի հեճուկս անոր պահպանման ցանկութեան ու այդ ուղղութեամբ գործադրած շարունակական ջանքերուն, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ԵԱՀԿ մասնակից բոլոր երկիրներուն կողմէ` բացառութեամբ Ազրպէյճանի: «Կ’ուզենք յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ ե՛ւ գերմանական, ե՛ւ աւստրիական նախագահութիւնները հերքեցին Ազրպէյճանի` երեւանեան գրասենեակի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանը ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին մարտահրաւէր նետելով՝ յայտնուեցաւ մեկուսացման մէջ»,- նշած է Էդուարդ Նալպանտեան:
Ան շեշտած է, որ Հայաստանը վճռական կերպով պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ շրջանակներուն մէջ, եւ «Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրը» լաւ հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ այդ առումով: