Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«ԱՐԱՍ»-էն Նոր Գիրք․ «Սպասման Սրահին Մէջ»

«Սպասման սրահին մէջ» Զապէլ Եսայեանի առաջին վէպն է,որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»-ի մէջ Սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։

Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ 20-րդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ:

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ գիրքը կը ներկայացնէ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը, ուր երիտասարդ, սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան զլացած կաթը կը փորձէ ապահովել մայրանոցի միջանցքներուն մէջ՝ վկան դառնալով հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն անխիղճ վերաբերմունքին: Մէկ կողմէ ալ իր հիւանդ ամուսինը կը խնամէ Էվան, որ զգայուն կնոջ յատուկ վերապահութեամբ կ’ընդունի հոգիին խորը, քիչ մըն ալ անգիտակցաբար ծագող սէրը զինք խնամող բժիշկին հանդէպ:

«Սպասման սրահին մէջ»-ի այս առաջին հրատարակութեան յառաջաբանը գրի առած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին