Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ամանորին Երեւանի 23 Հազար Ընտանիք Պարէնային Փաթեթներ Պիտի Ստանան

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ Երեւանի 23 հազար ընտանիք պիտի ստանայ պարէնային փաթեթներ:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ըսած է, որ փաթեթները պիտի տրամադրուին քաղաքապետարանի ցուցակին ընդգրկուած սուրիահայ ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, ազատամարտիկներու, զինծառայողներու եւ նիւթապէս անապահով խումբերու մէջ ընդգրկուած ընտանիքներուն:

«Քառասուն հազար փոքրիկ պիտի ստանայ քաղցրաւենիքի փաթեթ: «Նոր տարին Երեւանի մէջ – 2018» ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս 4000 փոքրիկի ալ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի թատրոններու մէջ՝ մասնակցելու Ամանորի տօնական ներկայացումներուն»,- ըսած է փոխ քաղաքապետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին