Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Պրազիլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դատապարտման Բանաձեւը Նախաձեռնած Նախկին Ծերակուտականը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Պրազիլի մէջ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան Նոյեմբեր 17-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր իր այցելութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: ի դէպ, Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան Պրազիլի Ծերակոյտին մէջ 2015-ի Մայիս 27-ին, որպէս օրէնսդիր մարմնի անդամ նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւի ընդունումը:

Պրազիլացի նախարարին կ՛ուղեկցէին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանը եւ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գէորգ Վարդանեանը:

Այնուհետեւ Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան ու ծանօթացած ցուցանմուշներուն: Թանգարանին կից պուրակին մէջ նախարարը տնկած է խորհրդանշական եղեւնի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին