Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Լուսային Տարիներով Հեռու են ԼՂ Խնդիրի Էութենէն. ՀՀ ԱԳՆ Արձագանգը Էրտողանի Յայտարարութիւններուն

Թուրքիան պէտք է շարունակէ հնարաւորինս հեռու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը` մեկնաբանելով ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք թուրք լրագրողներուն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ըրած յայտարարութիւնը:

«Այդ մեկնաբանութիւնները կրկին ի ցոյց կը դնեն, որ Թուրքիոյ մէջ լուսային տարիներով հեռու են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի էութենէն եւ բովանդակութենէն: Թուրքիան պէտք է շարունակէ որքան հնարաւոր է հեռու մնալ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման գործընթացէն»,- ըսած է Բալայեան:

Նշենք, որ թրքական Star պարբերականը մէջբերած էր Էրտողանի խօսքերը՝ այցին վերաբերեալ: Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներուն յայտնած էր, որ Փութինի հետ քննարկած է արցախեան հակամարտութեան հարցը: Ան կրկին յիշեցուցած էր 5 շրջաններու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին