Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի անգլերէն նոր` «Սպանութեան հրամանները. Թալէաթ փաշայի հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը 2018-ի Յունուարին հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողներուն, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:
Հեղինակը յայտնած է, որ այս գիրքին մէջ ներառուած են երկու գլուխներ, որոնք չկան աւելի առաջ թրքերէն հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» գիրքին մէջ:
«Շատ ոգեւորուած եմ: Գիրքս լոյս պիտի տեսնէ 2018 թուականի Յունուարին: Երկու նոր գլուխ կայ, որ ներառուած չէ թրքերէն` Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւններու մասին գիրքին մէջ: Այստեղ ոչ միայն կը ներկայացնեմ նոր փաստաթուղթեր, այլեւ կը քննարկեմ «կեղծ ստորագրութիւններու» եւ «կեղծ ժամանակագրութեան» հարցը: Մեծ ցանկութիւն ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնել թուրք ընթերցողներուն»,- յայտնած է հեղինակը:
Թրքերէնով 2016-ին հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» աշխատանքին մէջ ներառուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն մէջ բացէ ի բաց կ՛երեւին հայերը կոտորելու հրամանները: Օրինակ` 1915 Սեպտեմբեր 22-ի հեռագիրներէն մէկուն մէջ Թալէաթ Փաշան այսպիսի հրաման տուած է․ «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են, պետութիւնը, իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը, կը հրամայէ ողջ չձգել նոյնիսկ օրօրոցի երեխաները»: