Գերմանական KfW դրամատունը Հայաստանին 80 միլիոն եուրոյի վարկ կը տրամադրէ պետական պիւտճէի բացը լրացնելու համար: Վարկային համաձայնագիրի նախագիծը հաւանութիւն ստացաւ կառավարութեան Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերի նիստին, կը հաղորդէ “Նիուզ”-ը:
Վարկը կը տրմադրուի 15 տարոուան համար, որուն 5 տարին՝ արտօնեալ ժամանակահատուածով: Վարկին կողքին, կը տրամադրուի 8.3 միլիոն եուրօ արհեստագիտական աջակցութեան դրամաշնորհ: