Ինչպէս ամէն դպրոցական արձակուրդներուն՝ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպութիամբ տեղի ունեցան 30 Հոկտեմբեր 2017-էն 3 Նոյեմբեր 2017, 5-էն 11 տարեկան վալանսաբնակ հայ երեխաներու եւ իրենց ծնողներուն համար նախատեսուած կրթական-ժամանցային ձեռնարկներ, որոնք կը կոչուին «Մանուկներու Մշակոյթի Արուեստանոց»:
Այս ձեռնարկը ծանօթ է երեխաներուն, որոնք սիրով եւ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին: Այս անգամ եւս բացառութիւն չէ:
Հայ մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ճինպաշեան իր խումբին հետ միասին հիմք ընդունելով նախկին 4 տարիներու փորձը՝ երկու ամիս պատրաստուած է, որպէսզի երեխաներուն հնարաւորութիւն տրուի ընտելանալու հայերէն լեզուին եւ մշակոյթին:
Ծրագիրին մէջ ներառուած են հայկական գեղարուեստական եւ մշակութային համագումարներ, հայերենի դասեր, նկարչութիւն, հայկական գեղագրութիւն, պարեր, երգեցողութիւն, խաղեր եւ այլն:
Նկարչական արուեստանոցը վարեց տաղանդաւոր արուեստագէտ Ժերոմ Պոյաճեան, իսկ անուշեղէններու վարպետ Արմինէ Սբիրեան-Րասկելինեան երեխաներուն ծանօթացուց մրգերու մակարոնեղէններու (Pâtes de fruits) արուեստագիտութիւնը:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ շուրջ 80 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ՝ մեծ պաստառին ներկայացուող բազմաթիւ ցուցադրութիւններով, երեխաներու պարային եւ երաժշտական ներկայացումներու մասնակցաւթիամբ:
Յաջորդ ձեռնարկը Կաղանդի եւ Փետրուարի դպրոցական արձակուրդներուն :