Թուրք լրագրող Ամպերին Զաման Միացեալ Նահագներու Պոսթընի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ կատարած լուսանկար մը հրապարակած է, որմէ ետք ընկերային ցանցերու մէջ թուրքերը անոր դէմ արշաւի սկսած են, կը հաղորդէ «Armtimes»-ը:
Անոր դէմ արշաւին միացած են նաեւ իշխանամէտ որոշ լրատուամիջոցներ, եւ զայն կը մեղադրեն հակաթրքական քայլերու, ահաբեկչական կառոյցներու խօսնակը ըլլալուն մէջ:
Յայտնի լրագրողը, որ անմասն չէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարին, «Twitter» -ի մէջ կատարած հրապարակման կից օգտագործած է «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող», «Պոսթըն», «Այլեւս երբեք» (#ArmenianGenocide memorial, #Boston, #neveragain ) հեշթեկերը:
Զաման Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «100 վայրկեան» նախագիծի մասնակիցներէն է եւ նախագիծին համար կարդացած է Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սառա Մուրատեանի վկայութիւնը: