Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Լոյս Տեսած է Աննա Կոստանեանի «Անմահութեան Մարտիկները» Գիրքը

Լոյս տեսած է Հասատան ապրող եւ ստեղծագործող Աննա Կոստանեանի «Անմահութեան մարտիկները» գիրքը, որ նուիրուած է ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, ինչպէս նաեւ մինչ այդ եւ ատկէ ետք թշնամիին կողմէ հրադադարը խախտելու հետեւանքով նահատակուած հերոսներուն:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ գիրքին հեղինակը ըսած է, որ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու նպատակով ինք  այցելած է զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն, հաւաքագրած ողջ տեղեկատուութիւնը:

Դեկտեմբեր 1-ին տեղի պիտի ունանայ գիրքին շնորհանդէսը, ուր պիտի հնչեն գրողին հեղինակած ռազմահայրենասիրական երգերը:

Անիկա տրամաբանական շարունակութիւնն է հերոսներու դիմանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի կայանայ Նոյեմբեր 23-ին,  Հայաստանի բնութեան պետական թանգարանին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին