Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հայ Ջութակահարը Կինեսի Ցուցանիշ Սահմանած է

Կինես“-ի համաշխարհային ցուցանիշ սահմանած ջութակահար Նիկոլա Մադոյեան իր յաղթանակը նուիրած է ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն:

33 ժամ, 2 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան անընդմէջ նուագով (ամէն մէկ ժամուն` 5-րոպէական դադարներով) ջութակահարը համաշխաշխարհային ցուցանիշ սահմանած է, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:

«Այս ցուցանիշի անուանակարգը ինծի համար հրաշալի հնարաւորութիւն ստեղծեց իմ տարբեր նպատակները, գաղափարները կեանքի կոչելու: Ընտրած եմ 59 ստեղծագործութիւն, որոնց մէջ են Կոմիտասի՝ «Ծիրանի ծառ»-ը, «Քելեր ցոլեր»-ը,  Էդուարդ Բաղդասրեանի՝ «Նոկտիւրն»-ը: Կանոններու համաձայն` չորս ժամուան ընթացքին ես իրաւունք չունէի կրկնել նոյն ստեղծագործութիւնը: 59 ստեղծագործութենէն բաղկացած շրջափուլը կը կրկնուէր մօտ 8 անգամ»,-  այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ պատմած է ջութակահար Նիկոլա Մադոյեան:

Կինես“-ի համաշխարհային գրասենեակը Յուլիս 25-ին՝ պաշտօնապէս ճանչցած է անոր ցուցանիշը, իսկ անոր կատարումը տեղի ունեցած է Փետրուար 11-12-ին` Կամերային երաժշտութեան տան մէջ:

«Կինեսի գրասենեակէն ուղարկուած նամակին մէջ նշած էին, որ մեծ բաւականութիւն ստացած են կատարումներէն, ինչ որ ինծի համար շատ կարեւոր էր, քանի որ ֆիզիքական լարուածութեան հետ կրցած եմ գեղարուեստական տարրը պահապնել»,- ըսած է ան:

Ան պատմած է, թէ այդ ընթացքին ֆիզիքական յոգնութիւնը յաղթահարելու համար նոր ձեւ մը գտած է եւ այդ փորձը կը փոխանցէ իր ուսանուղներուն. «Սա մեծ փորձ էր ինծի համար` ստուգելու իմ տեխնիկական հնարաւորութիւնները: Կարելի է ըսել՝ ես այդ ընթացքին մշակեցի նոր մեթոտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ տասնեակ ժամ նուագել, եւ ծանրաբեռնուած մկաններու աշխատանքը մանր շարժումներու շնորհիւ վերականգնել` նուագը չդադրեցնելով»:

Յառաջիկային ջութակահարը հիւրախաղերով պիտի մեկնի Իտալիա:

Ն. Մադոյեան ծնած է 1973-ին, Երեւան: Ան շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է: Եղած է աշակերտը ականաւոր երաժիշտներու, ինչպիսին են` Ա. Բոգտանեանը, Զ.Պրոնը, Ի.Սթըրնը եւ Մ.Սօլովէովը: Ելոյթ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ սիմֆոնիկ նուագախումբերու հետ։  Ելոյթ ունեցած է Տիւոլի եւ Քոնցերթպաու, Լոնտոնի Թագաւորական փառատօնային, Մոսկուայի երաժշտանոցի Մեծ համերգասրահներուն մէջ, Միլանի Վերտիի թատրոնին մէջ եւ այլն: Ջութակահարի երգացանկը այնքան բարդ է, որ ոչ բոլոր երաժիշտները պատրաստ են այն կատարելու մէկ համերգի ընթացքին: Ինչպէս` Պեթհովընի 10 սօնատները ջութակի եւ դաշնամուրի համար (կատարուած են 2000-ին` Պեթհովընի 230-ամեակի ժամանակ), Փագանինիի 24 Քափրիզները (2001թ.), Պախի 6 սօնատները մենանուագ ջութակի համար (2003թ.), 6 սօնատները ջութակի եւ դաշնամուրի համար (2004թ.) եւ այլն:
2004-ին արժանացած է ՀՀ վաստակաւոր արտիստի կոչման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին