Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Սիւնիքի Մէջ Սկսած Են Օդակայանի Կառուցման Աշխատանքները

       «Սիւնիք» օդակայանի վերագործարկման ուղղուած աշխատանքներու ծիրէն ներս  սկսած է նաեւ օդակայանի շէնքի կառուցման գործընթացը»,-ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ  գրած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոբերտ Հայրապետեան:

           Ան տեղադրած է շէնքի նախագիծի լուսանկարները:

     Յիշեցնենք,  նախապէս Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեան նշած էր, որ կարեւոր է աշխատանքներու արագութիւնը, բայց առաւել կարեւոր է որակը:

     «Սիւնիքի մարզկեդրոնի հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դարձնենք 40 վայրկեան»,-ըսած էր Յակոբեան օդակայանի կառուցման առիթով իրականացուած ֆլեշմոպի տեսանիւթին մէջ:

         Օդակայանի վերակառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարուան Մարտին:

        Այս առիթով «PanARMENIAN.Net»-ը զրուցած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Սահակ Յակոբեանի հետ, որ նշած է․ «Օդակայանի շէնքը պիտի ունենայ մօտ 900 մ2 մակերես: Կը նախատեսուի, որ շէնքին մէջ ժամը 100 ուղեւոր սպասարկուի: Ան պիտի համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշներուն: Նոյն շէնքին մէջ պիտի գործէ նաեւ օդանաւներու navigation կեդրոնը: Աշխատանքները կը ծրագրենք աւարտել մինչեւ 2018-ի առաջին կիսամեակի աւարտը»։

        Մարզպետի խորհրդականը նշած է, որ օդակայանը կը ծրագրեն շահագործման յանձնել մինչեւ 2018-ի կէսերը: Օդակայանի շէնքի կառուցման նախագիծին հեղինակը «Տրանսնախագիծ» ընկերութիւնն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին