Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

«Բացայայտէ՛ Հայաստանը Երկինքէն». Օդագնացութեան Միջազգային Փառատօն` Երեւանի Մէջ

     Երեւանի հիմնադրման 2799 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Սքայպոլ ընկերութիւնը կը կազմակերպեն օդագնացութեան միջազգային «Բացայայտէ՛ Հայաստանը երկինքէն» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14-17:

     Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած օդապարիկները պիտի սաւառնին Երեւանի երկինքը` ստեղծելով հեքիաթային վառ պատկեր:

     Սքայպոլ ընկերութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Բարսեղեան «PanARMENIAN.Net»- ին տեղեկացուցած է, որ փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14-ին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Օդապարիկները  քանի մը ժամ լուսաւորուած պիտի մնան այնտեղ: Յաջորդ օրը` Հոկտեմբեր 15-ին, առաւօտեան ժամը 07:00-ին եւ երեկոյեան 17:00-ին, Հրապարակէն թռիչքներ պիտի իրականացուին Երեւանի վրայ:

     Ամսուն 17-ին թռիչքները պիտի ըլլան Գառնիի շրջակայքին, նոյն օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ փառատօնի փակումը:

     Թռիչքներուն մասնակցելու համար տոմսեր պիտի չվաճառուին:

  Նայիրի Բասեղեանի խօսքով, քանի որ մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է, եւ կազմակերպիչներուն նպատակներէն է լուսաբանել ձեռնարկը, թռիչքներուն հիմնականօրէն պիտի մասնակցին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ հովանաւորներու ու Սքայպոլի կողմէ կազմակերպուած խաղարկութիւններու արդիւքով շահած քաղաքացիներ:

     Փառատօնի հովանաւորներն են «Բերգ» ապրանքանիշն ու AVK ընկերութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին